2012-01-08 10:48:55

Ճրագալոյցի Տօնը եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 550-ամեակը ։


Պոլսոյ մէջ այս տարի յատուկ նշանակութեամբ յիշատակուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Տօնը, նկատի առած որ ձեռնարկներու շարք մը տեղի պիտի ունենայ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 550-ամեակին առիթով:
Արդարեւ 2012ի առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Համերգի յայտագրին մաս կազմեցին հայկական վարժարաններու աշակերտներ եւ երգչախումբ: Նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ քայլերգ մը, Սահակեան դպրաց դասի երգչախումբի անդամներուն կողմէ, որու խօսքերը գրի առնուած են «Մարմարա» օրաթերթի փոխ խմբագիր օր. Մաքրուհի Յակոբեանի կողմէ: Այս քայլերգը ձօնուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 550-ամեակին եւ ներկայացուած է որպէս առաջին ունկնդրութիւն:
Իսկ Կիրակի 1 Յունուար 2012ին, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ,հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ բացումը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Հայաթի Եազըճը-ն:
Նշենք, որ այս եկեղեցին իբրեւ աղօթատեղի օգտագործելը պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի երազն էր, եւ այժմ յաջողուեցաւ երկար ջանքերէ ետք: Ծախսերուն 70% յատկացուցած է պետութիւնը, իսկ միւս 30%` Գումգափու Թաղի հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը: Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ ասիկա առաջին դէպքն է, որ կառավարութիւնը կը ֆինանսաւորէ հայկական համայնքին պատկանող եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.