2012-01-08 12:28:36

Զօրակցութեան Միջազգային Հանդիպում Ս. Երկրին Մէջ։


Եւրոպայէն ու ԱՄՆէն եպիսկոպոսներ հիւիսային Երուսաղէմի մէջ։
Եւրոպայի եւ ԱՄՆի կաթողիկէ եպիսկոպոսները 8-12 յունուար զօրակցութեան միջազգային ժողով կը գումարեն հիւիսային Երուսաղէմի մէջ։
Հանդիմումին նիւթն է. ուսումանսիրել Իսրայէլի ու Պաղեստինի քրիստոնեայ զանազան դաւանանքներու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ միջկրօնական երկխօսութիւնը։ Եպիսկոպոսները իրենց կեցութեան ընթացքին հանդիպում կ'ունենան կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու հետ։
Յայտագիրը նաեւ՝ կը նախատեսէ բանակցութիւն հրեայ եւ մահմետական ներկայացուցիչներու հետ, մասնակցութեամբ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք ֆուատ Թուալի։









All the contents on this site are copyrighted ©.