Նորվեկիոյ Մէջ, ՜՜Ս. Գիրքը՝՝ 2011-ին՝ Մեծ Ընդունելութեան Արժանացած Հսկայ Տպաքանակով
Սպառող Գիրքը Եղաւ.
Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւնը կատարուած է երկրի ամենամեծ գրագէտներէն։ Ս. Գիրքի
նոր թարգմանութիւնը անսպասելի ընդունելութիւն մը գտած է Նորվեկիայի բնակչութեան մօտ։
Գասէրները Շաբաթներէ ի վեր շարքի կեցած են ձեռք ձգելու Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւնը,
որը առաջինն է 30 տարիէ ասդին։ 30 թարգմանիչներ` եկեղեցական թէ համալսարանական, նպաստած
են որպէսզի լոյս տեսնէ հասկնալի եւ սահուն ոճով տպագրուած Ս. Գիրքը։