2012-01-07 12:03:27

Յառաջիկայ 18 Փետրուարին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 22 Նոր Կարտինալներ Պիտի Անուանէ։


Ուրբաթ 6 յունուար 2012ին Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի աւարտին, որուն ընթացքին եպիսկոպոս ձեռնադրեց նաեւ Հայաստանի ու Վրաստանի Պապական Նուիրակ գերապայծառ Մարէք Սոլչինսքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեկի պատշգամէն արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, հանդիսաւոր կերպով յայտարարեց որ յառաջիկայ 18 փետրուարին Կարտինալական Դասի մաս պիտի կազմեն ուրիշ նոր 22 կարտինալներ։
Նորին Սրբութիւնը այս յայտարարութիւնը ընելով, մատնանշեց թէ՝ կարտինալները պարտականութիւնն ունին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին օգնելու, իրեն յանձնուած՝ առաքելութեան մէջ, որ է հաւատքին մէջ հաստատել իր եղբայրակիցները, ու ըլլալ հիմը եկեղեցւոյ միութեան եւ հաղորդակցութեան։
Սրբազան հայրը հուսկ յայտարարեց 22 նոր կարտինալներու անունները, որոնցմէ 16-ն եւրոպացի են, 4-ը Լատին Ամերիկացի եւ երկուքը Ասիական ցամքամասէն։
Սրբազան Քահանայապետը ապա յայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու՝ նորընտրեալ կարտինալներու դիտաւորութեան , որպէսզի անոնք կարենան քաջութեամբ վկայել իրենց սէրը հանդէպ Քրիստոսի ու Անոր եկեղեցւոյ։
Նախքան վերոյիշեալ յայտարարութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով օրուան Աստուածայայտնութեան տօնին, աստատած էր թէ այս տօնը Լոյսի տօն է, եւ թէ Տէրը մեզի կը սորվեցնէ թէ միայն Յիսուս կրնայ մարդկութեան տալ այն լոյսը որ կը լուսաւորէ մեր կեանքի ճանապարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.