2012-01-07 12:06:18

Լուրեր Հայ Եկեղեցիէն։


Հայ Աւետարանական ՜՜Արմիս՝՝ Երգչախումբի Ս. Ծնունդի Իւրայատուկ Համերգը, Եւ Ս. Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնակատարութիւնը Հռոմի Ս. Նիկողայոսի Անուան Հայոց եկեղեցւոյ Մէջ։
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար՝ Վրէժ Սապունճեանի եւ կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Հայ աւետարանական «Արմիս» մշակութային յանձնախումբին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական ՜՜Արմիս՝՝ երգչախումբի Ս. Ծնունդի համերգը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու:
՜՜Արմիս՝՝ի ատենապետը՝ Հրայր Ճեպեճեան բարի գալուստի խօսքին մէջ ներկայացուց Ս. Ծնունդին խորհուրդն ու քրիստոնէական պատգամը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կանգնեցան այս ձեռնարկին յաջողութեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ երեսուն անդամներէ բաղկացած Հայ աւետարանական ՜՜Արմիս՝՝ երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Կարօ Աւեսեանին ու Մարիա Փալազեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, յայտագիրը կ՝ընդգրկէր հայ եւ օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն ծաղկաքաղ մը, առնչուած՝ Ս. Ծննդեան տօնին հետ: Աւարտին, նաեւ հնչեց Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը:
՜՜Արմիսի՝՝ խմբավարը՝ Կարօ Աւեսեան կը յայտնէ՝ որ այս տարուան յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուած է, որպէսզի ներկաներուն հրամցուին նորութիւններ եւ ընդհանրապէս չլսուած երգեր ու երաժշտութիւններ, որպէսզի կրկնութիւններ չկատարուին եւ դասական արժէքներն ալ լսելի դառնան. եւ խօսելով երգչախումբին մասին` Աւեսեան շեշտեց, որ վերջին շրջանին երգչախումբը որակային եւ թուային աճ արձանագրած է, ինչ որ դրական է եւ արդիւնք է ստեղծուած մթնոլորտին:
Նշենք որ Հռոմի հայ համայնքը եւս տօնեց Յիսուսի Ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօնը որ Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ։ Հայածէս ձայնաւոր Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզը արտասանեց, Լեւոնեան հայ դպրեվանքի փոխ մեծաւորը՝ գերապատիւ Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ. այս առթիւ նաեւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարոոթիւնը եւ Յիսուսի Մկրտութեան յիշատակութիւնը եւ ինչպէս սովորութիւն է հայ համայքներու մէջ, ժողովուրդի մէջէն ընտրուեցաւ փոքրիկ մը՝ եօթնամեայ Յարութիւն Գանանեան որդին՝ Պօղոս եւ Լուսինէ գանանեաններու որ ներկայացուց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։
Պատարագէն ետք ( ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի կազմակերպութեամբ՝ Լեւոնեան վարժարանի ճաշասրահը տեղի ունեցաւ ՜՜հռոմահայերու Ակաբը՝՝։
Ընտանեկան մթնոլորտին մէջ ներկաները ճաշակեցին հայկական համադամներ եւ ճաշեր. պատրաստուած էր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, զանազան հաճելի անակնկալներով ուրախացնելով փոքրերը ու նաեւ մեծերը։









All the contents on this site are copyrighted ©.