2012-01-07 12:05:59

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը 18-25 Յունուար, Ունենալով Որպէս Կեդրոնական Նիւթ` ՜՜Բարեփոխութիւնը՝՝։


2012-ի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան գլխաւոր նիւթն է ''բարեփոխութիւնը''։
Նիւթը ներշնչուած է ''մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթութեան բարեփոխութիւն'' համարէն։
Յայտնենք որ այս տարուայ խորհրդածութիւններու նիւթին պատրաստութիւնը յանձնուած է ՜՜Եւրոպական Աւերտարանական Ուխտին՝՝։
2012-ի խորհրդածութիւններու նիւթը առնուած է Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին թուղթի՝ գլուխ 15, 51-58-րդ համարներէն`
''Ահա՛ կը յայտնեմ ձեզի խորհուրդ մը, Բոլորս պիտի չննջենք, բայց բոլորս ալ պիտի փոխուինք, անմիջապէս, ակնթարթի մը մէջ, վերջին փողին հնչելու ատենը որովհետեւ փողը պիտի հնչէ, մեռելները յարութիւն պիտի առնեն `առանց ապականութեան, ու մենք ալ պիտի փոխուինք։
Որովհետեւ պէտք է որ այս ապականացու մարմինը հագնի անապականութիւն, եւ այս մահկանացուն հագնի անմահութիւն։ Ուստի երբ այս ապականացու մարմինը հագնի անապականութիւն, եւ այս մահկանացուն հագնի անմահութիւն, այն ատեն պիտի իրագործուի այն խօսքը՝` որ գրուեցաւ Մահը ընկղմեցաւ յաղթութեան մէջ։ Մա՛հ, ո՞ւր է խայթոցդ. դժո՛խք, ո՞ւր է յաղթութիւնդ։ Մահուան խայթոցը մեղքն է, ու մեղքին զօրութիւնը` Օրէնքը։
Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տիրոջ՝` Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։ Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ եղէք, ու ամէն ատեն յառաջդիմեցէ՛ք Տիրոջ գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատանքը ընդունայն չէ Տիրոջմով''։
Յայտնենք որ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը սկիզբ առաւ 1935-ին շնորհիւ քրիստոնեաներու համամիութեան ռահվիրայ՝ հայր Փօլ Գութիւրիէյի։








All the contents on this site are copyrighted ©.