2012-01-05 12:35:47

Իսրայէլ կը պատուէ Ազգութեամբ Հայ Երկու ֆրանսացիներ՝ Ժորժ Տիլսիզեան ու Որդին Անտրէ Կիւսթաւ որպէս ՝՝Աշխարհի Արդարները՝՝։


Ազգութեամբ Հայ երկու ֆրանսացիներ 28 դեկտեմբեր 2011ին Իսրայէլի կողմէ արժանացած են ՝՝Աշխարհի Արդարը՝՝ տիոտղոսին զոր Իսրայէլ կը շնորհէ այն մարդոց որոնք Բ.Աշխարհամարտի տարինրեուն փրկած են հրեաներ։ Ազգութեամբ հայեր Ժորժ Տիլսիզեան ու անոր որդին Անտրէ Կիւսթաւ Ողջակիզման զոհերու յիշատակին նուիրուած ՝՝Եատ Վաշէմ՝՝ անունով Յուշահամալիրին կողմէ յետ մահու ճանչցուած են որպէս ՝՝արդարներ՝՝։
Յուշահամալիրի կայքէջի վրայ Տիլսիզեան կը ներկայացուի իբրեւ Հայ եւ Հայաստանի ներկայացուցիչ եւ ոչ թէ ֆրանսայի։ Պատուոյ գիրը ու շքանշանը անոնց փոխարէն ստացած է Տիլսիզեանի թոռնուհին Լիլիան Տէ Թոլէտօ։
Ժորժ Տիլսիզեան 1915ի Ողբերգութեան օրերուն խոյս տուած է ֆրանսա, ուր ամուսնացած է եւ ունեցած 13 զաւակներ։ Իր որդիներէն մէկը Անտրէ Կիւսթաւ ամուսնացած է ազգութեամբ հրեայ Լէա Ալպոյէրի հետ եւ 1942ի Մարտ ամսոյն հրեաներու արտաքսումի օրերուն Ժորժ Տիլսիզեան իր տանը մէջ պահած է իր հարսի բարեկամուհին,անոր մեծ հայրը ու մեծ մայրը. Իսկ որդին Կիւսթաւ իր տան մէջ տեղ տուած է կնոջը միւս ազգականներուն,որոնցմէ մէկը մինչեւ այսօր կ՝ապրի եւ ներկայ գտնուած է սոյն Պարգեւատրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.