2012-01-04 13:02:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 4 յունուար 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը 2012 տարուայ առաջին ունկնդրութիւնը շնորհեց, Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ Նորին Սրբութիւնը` 2012 տարուայ այս առաջին ունկնդրութեան, գոհունակութեամբ՝ ձեզի ու ձեր ընտանեկան պարագաներուն, կը ներկայացնեմ իմ լաւագոյն մաղթանքներս։
Այս առաւօտ կ՛ուզեմ մատնանշել Սուրբ Ծննդեան որոշակի երեւոյթներու մասին։ Առաջին արձագանգը արտակարգ այս դէպքին, Մանուկի մէջ յայտնուած՝ Աստուծոյ մը ուրախութիւնն է։ Եւ այս ուրախութիւնը կը բխի հիացմունքով այդ խոնարհ երեխայի դէմքը դիտելով որով գիտակից ենք որ Աստուծոյ դէմքն է, այդ որ յաւերժ ներկայ է մեր մէջ, մարդկութան մէջ։ Սուրբ Ծնունդը ուրախութիւն է որովհետեւ Աստուած՝ որ է ամենաբարին, կեանք եւ մարդու ճշմարտութիւնը, խոնարհեցաւ որպէսզի մարդը բարձրացնէ դէպի Իրեն։ Սուրբ Ծնունդի իրողութիւնը նաեւ <<Աստուածութեան եւ Մարդկութեան միջեւ հրաշալի փոխանակութիւն է ։
Քրիստոսը` Աստուծոյ Բանը, մեր մարդկութիւնը ստանձնեց ու անոր փոխարէն մարդկային բնոյթը բարձրացաւ Աստուածային արժանապատութեան։
Ծնունդին, Աստուած կը յայտնէ մարդուն իր ամենախոր արժանապատութիւնը, եւ այն է՝ ըլլալ Աստուծոյ Զաւակներ։ Ի վերջոյ այս տօնը լուսաւորութեան տօն է։ Քրիստոսի գալուստը կը փարատէ աշխարհի խաւարը եւ մարդոց դէմքերու վրայ կը տարածէ Աստուծոյ գեղեցկութիւնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, յարեց նորին սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը, թոյլ տանք որ Քրիստոսը լուսաւորէ մեր սրտերը ու մեր հոգին։
Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, որ պիտի տօնախմբենք մի քանի օրէն, իրազեկ դառնանք մեր առաքեալութեան եւ մեր պատասխանատուութեան հանդէպ աշխարհին, վկայելու համար Աւետարանի Լոյսը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ, ձեր կեանքի ամէն մէկ օրը նկատեցէք որպէս Աստուծոյ պարգեւ մը, որ ընդունելու էք երախտագիտութեամբ եւ ապրելու ուղղամտութեամբ։
Ձեզի սիրելի հիւանդներ, թող նոր տարին բերէ մարմնական եւ հոգեկան սփոփանք։
Եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ, ջանացէք նմանիլ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին ստեղծելով սիրոյ եւ կեանքի իսկական հաղորդութիւնը։

Հուսկ Սրբազան հայրը տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.