2012-01-04 13:03:36

Եւրոպական Միութիւնը Ազատ եւ Արդար Ընտրութիւններ Կ՝ակնկալէ Հայաստանէն։


Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատարի բանբեր Փիթըր Սթանոն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է 2012 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք միջազգային հաւաք մը կազմակերպելու, հայաստանեան բարեփոխումներուն աջակցելու համար:
Ան ընդգծեց, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին ազատ եւ արդար կերպով:
Եւրոպացի դիւանագէտը յայտնեց, որ 2012 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է կազմակերպելու միջազգային հաւաք մը, Հայաստանի մէջ կայուն բարեփոխումներու համար միջազգային համայնքի աջակցութիւնը համախմբելու նպատակով: Եւրոպական Միութիւնը միշտ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է այս ընտրութիւնները կատարել միջազգային չափանիշերուն համապատասխան եւ իրագործել ստանձնած պարտաւորութիւնները: Ըստ դիւանագէտին, Եւրոպական Միութեան համար ամէնէն կարեւոր առաջնահերթութիւնը բարեփոխումներն են ՝՝ժողովրդավարութեան մարզին, արդարադատութեան համակարգին եւ տնտեսական դաշտին մէջ՝՝ :
«2011-ին մենք Հայաստանի կողմէ յառաջընթաց նկատեցինք բոլոր այս մարզերուն մէջ եւ շատ կարեւոր է, որ այդ միտումը պահպանուի նաեւ հետագայ տարիներուն ընթացքին», յայտնեց եւրոպացի դիւանագէտը:
Ան նշեց, որ երկկողմանի յանձնառութիւն կայ ա՛լ աւելի ամրապնդելու Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը միացնող կապերը: Ըստ անոր, Հայաստան անշուշտ շատ կարեւոր գործընկեր է Եւրոպական ընտանիքին համար` Արեւելեան դրացնութեան շրջագիծին մէջ, եւ Եւրոպական Միութիւնը ուրախ է որ Հայաստան աշխուժ եւ նորանոր նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացնէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.