2012-01-03 12:03:42

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին կ՛անդրադառնայ Պոլսոյ Գումգաբու շրջանին մէջ գտնուող Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ վերաբացման։


Եկեղեցին, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար աւերակ վիճակի մէջ, նորոգուեցաւ «Պոլիսը՝ մշակութային կեդրոն» ծրագիրի շրջագիծով, ու ան այսուհետեւ պիտի գործածուի թէ՛ որպէս եկեղեցի, եւ թէ որպէս մշակութային կեդրոն։
«Ռատիքալ»ը այս լուրը հաղորդելու ընթացքին կը յիշէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ եկեղեցւոյ բացումը կը զուգադիպի Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող որոշումին, աւելցնելով, որ եկեղեցին փակ կը մնար Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ի վեր եւ որ անոր վերաբացումը մեծագոյն երազն է այժմ հիւանդ Մեսրոպ պատրիարքին։
Բացումը պիտի կատարուի Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Հայաթի Եազըճըի ձեռամբ։ Թերթը կը նշէ, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան նամակ մը գրած է Եազըճըիին ու զայն հրաւիրած է բացման հանդիսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.