2012-01-03 12:01:20

Պերլին- Թեզէ Համամիութենական Շարժումին Երիտասարդներու 34-րդ Հաւաքը.
՜՜Աճող Անհաւասարութիւնը Վաղուայ Հակամարտութեան Առիթներ Են՝՝։


Կիրակի 1 յունուարին վերջ գտաւ Թեզէի երիտասարդներու 34-րդ հաւաքը ։
Երեկոյեան եզրափակիչ աղօթքի ընթացքին Եղբայր Ալոյիսը` նախագահը ՜՜Թեզէ՝՝ շարժումին, զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան կոչ մը ուղղեց, որուն մէջ ան խրախուսեց երիտասարդները շարունակելու՝ այս հանդիպումին ընթացքին իրենց ապրած փորձառութիւնը, զայն փոխանցելով նաեւ՝ ուրիշ երիտասարդներուն։
Այսօրուայ աճող անհաւասարութիւնը, նոյնիսկ բարեկեցիկ միջավայրերու մէջ, առիթներ են վաղուայ հակամարտութեան, եւ դժուար ժառանգութիւն մը՝ ապագայ սերունդին։
Նշենք որ Թեզէ Համամիութենական Շարժումին երիտասարդներու 34-րդ հաւաքը գումարուած էր Պերլինի մէջ, 28 դեկտեմբեր 2011էն մինչեւ 1 յունուար 2012 , որուն մասնակցեցան 70 երկիրներէ աւելի քան 30 հազար երիտասարդներ։
2012-2013 տարւոյն հաւաքը նախատեսուած է գումարել Հռոմի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.