2012-01-03 11:58:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Այցելութիւնը Մեքսիքա եւ Գուպա Յառաջիկայ Մարտին։


Առաքելական այցելութեան յայտագիրը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ մարտին այցելութիւն կը կատարէ Լատինամերիկա։ Ան յաջորդաբար պիտի այցելէ Մեքսիքան 23-26 մարտ եւ ապա Գուպա 26-28 մարտ, (յայտարարած են երկու երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը)։
Իր այս երկու տեղափոխութիւններուն ընթացքին, Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ Մեքսիքայի եւ Գուպայի նախագահներուն հետ։
23 մարտին Սրբազան Քահանայապետը կը հասնի Մեքսիքա։
Ասիկա Նորին Սրբութեան առաջին այցելութիւնն է այդ երկրին։
՜՜Լէոն՝՝ անուան օդակայանը, Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս պիտի ընդունուի երկրի հանրապետութեան նախագահ՝ ֆելիփ Հինոխոզայէն ու եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն։
24 մարտին, Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ ապա Խաղաղութեան հրապարակին վրայ պիտի ողջունէ հաւատացեալները։
Կիրակի 25 մարտին, Սրբազան Քահանայապետը բացօթեայ պատարագ կը մատուցէ Սիլաօ կոչուած զբօսադաշտը, ներկայութեամբ՝ երկրին 92 թեմերէն եկած հաւատացեալներուն ։ Յետմիջօրէին պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, եւ որուն ընթացքին պատգամ մը պիտի ուղղէ Մեքսիքայի , Լատին Ամերիկայի ու Գարայիպի եպիսկոպոսներուն։
26 մարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը Գուպա կը հասնի, ուր պիտի ընդունուի նախագահ Ռաուլ Գասդրոյէն ու Գուպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն ապա Սրբազան Հայրը անմիջապէս պիտի ուղղուի Սանդիակօ արքեպիսկոպոսարանը։ Յետմիջօրէին՝ բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ ’Antonio Maceo’ յեղափոխութեան հրապարակին վրայ, ուր 1998-ի յունուարին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը պատարագած էր։
27 Մարտին, առաւօտուն Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Գուպայի պաշտպան սրբուհի` ՜՜Եղբայրօգնութեան Տիրամօր՝՝ նուիրուած սրբավայրը։
Ապա օդանաւով պիտի ուղղուի Լա Հավանա, ուր պիտի ընդունուի Ճէյմ Օրդեկա կարտինալէն` մայրաքաղաքի առաջնորդը, ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճանն անձնաւորութիւններէն։ Յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Գասդրոյին հետ եւ ապա առաքելական դեսպանատան մէջ տեսակցութիւն պիտի ունենայ Գուպայի եպիսկոպոսական դասին հետ։
28 մարտին, առաւօտուն բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ ’José Marti’ յեղափոխութեան հրապարակին վրայ։ Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը օդանաւ պիտի առնէ Հռոմ վերադառնալու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.