2012-01-03 11:57:28

Հայոց Պատմութիւն
ԵՐԿԻՐՆ ՈՒ ԻՐ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ


Հայաստանը բարձր լեռնաշխարհ մըն է, անդր-կովկասեան շրջանին մէջ. Նա-խապէս անոր սահմանները կը տարածուէին Սեւ Ծովէն մինչեւ Միջագետքի դաշտերը։ Երկրին միջին բարձրութիւնն է 1.500 մեթր ծովէն վեր։
Հողային արտադրութիւնները
Թէեւ բարձր, սակայն շատ բերրի հողեր ունի, որովհետեւ շատ մը գետեր ծնունդ կ՛առնեն հայկական լեռներէն։ Նշանաւոր է հայոց խաղողը, որուն նախասկիզբը կը հան-դիսանայ Նոյ Նահապետի ցանած առաջին այգին ջրհեղեղէն ետք. Ապա կու գայ ծիրա-նը, որ կոչուած է Փրունիս Արմենիաքա Հռովմայեցիներու կողմէ, ինչպէս նաեւ կեռասը եւ այլ պտուղներ, որոնք իրենց հիւթեղ բաղադրութեամբ կը կազմեն ամէնէն համեղ պտուղները որ կան աշխարհի վրայ։
Հայաստանը նաեւ անուանի եղած է իր հռչակաւոր ձիերով։
Աշխարհագրական դիրքը եւ անոր ազդեցութիւնը
Իր աշխարհագրական բարձր ու լեռնոտ դիմագծին պատճառաւ` Հայաստանի բնակիչները դատապարտուած էին մնալու կղզիացած. Սակայն իրականին մէջ` անոնք կրցան այնպիսի քաղաքականութիւն մը վարել, որ վաճառականական բոլոր մեծ ուղի-ները անպայման Հայաստանէն կ՛անցնէին, եւ այսպէսով երկիրը դարձաւ բոլոր քաղա-քակըրթութիւններու եւ մշակոյթներու անցքի վայր, ու բնակիչները օգտուեցան բոլորէն։
Վաճառականութեան կարեւորութիւնը
Հայաստանը գտնուեցաւ առեւտրական շատ կարեւոր ճամբու մը վրայ որ ցա-մաքի ճամբով` կը միացնէր Ծայրագոյն Արեւելքը (Չինաստան) եւ Կեդրոնական Ասիան (Քազաքստան, Թուրքմենիստան…) Միջին Արեւելքի եւ անկէ կը հասնէր դէպի Եւրոպա. Իսկ Հնդկաստանէն եւ Պարսկաստանէն կ՛երթար մինչեւ Սեւ Ծովի ափերը։ Այս պատճառաւ ան դարձաւ շրջանի ամէնէն զարգացած երկիրներէն մին։
Ժխտական ազդեցութիւնը իր աշխարհագրական դիրքին
Դժբախտաբար սակայն այս դիրքը զինք դարձուցած է կռուախնձոր մեծ ազգերու միջեւ. Ամէն աշրշաւանք որ հիւսիսէն կամ հարաւէն կու գար, կ՛անցնէր անպայման Հայաստանէն. Բայց իր այս դիրքին պատճառաւ ալ` Հայաստանի բնակիչները եղած են միշտ ազատատենչ եւ երբեք չեն օտարացած, նոյնիսկ երբ օտարի լուծը դարեր ամբողջ տեւած է։ Եւ սակայն նոյն այս դիրքին պատճառաւ նաեւ` ազգային միասնականութիւնը գրեթէ անկարելի դարձած է, իրարմէ բաժան բաժան ընելով մէկ ազգի մը զաւակները, անոնց ազնուական ընտանիքներու իշխանատենչ պայքարներուն պատճառաւ։
Ազդեցութիւն ժողովուրդի նկարագրին վրայ
Ժողովուրդը Հայաստանի միշտ եղած է հպարտ ու խիզախ, կորովի եւ նկարագրի տէր, յամառ աշխատող եւ երբեք չյուսահատող։ Սակայն ունեցած է նաեւ իր թերութիւն-ները, որոնք են գլխաւորաբար անմիաբանութիւնը եւ իրենց տեսակէտներու մէջ յամառ դիրքաւորումը, նաեւ եղած են շուտով խանդավառուող եւ քաղաքականօրէն անհե-ռատես. Երբեք հաստատ միասնականութիւն չեն ունեցած։ Այս ալ կը պարտին անշուշտ իրենց լեռներուն։
Օտար պատմաբաններ կը նկատեն Հայաստանը որպէս բնական ամրոցը Միջին Արեւելքի. Ան բնաւ ամբողջովին չէ գրաւուած այլ միշտ մասամբ. Դարեր շարունակ գրաւուած ու վերագրաւուած է, բայց մնացած է միշտ հոգուով անկախ ու ազատ։








All the contents on this site are copyrighted ©.