2012-01-02 13:52:05

Պլպուլ Երգչախումբի Ծննդեան Տօնին Եւ Ամավերջի Առթիւ Համերգ‏ ,Զմմառու Մէջ։


Լիբանան- Չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2011-ին, Զմմառու վանքին Մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ առաջին անգամ ըլլալով ՜՜Պլպուլ՝՝ երգչախումբի Սուրբ Ծննդեան հիասքանչ համերգը: Մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագիրը ճոխ էր Սուրբ Ծննդեան ամենագեղեցիկ երգերով, զանազան լեզուներով: Մեներգ եւ բազմաձայն խմբերգ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ Մաէսթրօ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանին, արժանանացաւ ներկաներու ծափողջոյններուն:
Բացման խօսքը (հայերէն և արաբերէն) արտասանեց Տէր Մաշտոցը:
Իսկ երգչախումբի ղեկավարը Պրն. Մանուէլ Քէշիշեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. ՜՜ Այս փոքրիկներու երգչախումբէն, արդէն սերունդներ անցան, որովհետեւ հիմնուած է 1984-ին «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, գերպծ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի օրով, երբ ան հոգեւոր հովիւն էր սոյն ժողովրդապետութեան՝՝:
Փակման խօսքը ուղղեց Զմմառու վանքի մեծաւորը՝ գերյ. հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:
Համերգէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ տօնական հիւրասիւրութիւն բոլոր հիւրերուն, իսկ փոքրիկներուն համեղ ընթրիք մը պատրաստուած էր, ուր անկնկալօրէն Կաղանդ պապուկը ժամանեց ու իր նուէրներով զանոնք ուրախացուց:







All the contents on this site are copyrighted ©.