2012-01-02 13:56:30

Պէյրութի Պուրճ Համուտ Քաղաքապետութիւնը Սննդամթերք Կը Տրամադրէ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն։


Լիբանան։ Նոր տարուան առիթով Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մօտ ուրախութիւն սերմանելու եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով ի գործ դրած ծրագիրներու շարքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը սննդամթերք տրամադրեց շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Այս առթիւ քաղաքապետութեան ոստիկանները այցելեցին տնտեսական ծանր պայմաններու տակ ապրող պուրճհամուտաբնակ ընտանիքներուն եւ սնտուկներով սննդամթերք տրամադրեցին անոնց` նպատակ ունենալով առիթ տալ անոնց աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ դիմագրաւելու Նոր տարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.