2011-12-31 08:14:14

Վատիկանի 2011 Տարուայ Կարեւոր Թուականներ։


15 յունուարին, Մեծն Պրիթանիոյ մէջ հաստատուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջին թեմը որուն անդամակցեցան Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպսներ, քահանաներ եւ հաւատացեալներ
17 Փետրուար 2011, Ռուսիոյ դաշնակցութեան նախագահ Տիմիդրի Մետվետեւը այցելեց Վատիկանը, վերահաստատելու երկու երկիրներու միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները
10 մարտ 2011, Սրբազան Քահանայապետի Յիսուս Նազովրեցի գիրքի երկրորդ հատորը հրատարակուեցաւ։Գիրքը կ'ընդգրկէ Յիսուսի վերջին ժամերը երկրի վրայ, Անոր Յարութիւնն ու Համբարձումը։
22 ապրիլ 2011, Աւագ Ուրբաթ օրը Պենետիկտոս ԺԶ բացառաբար կը մասնակցէր իտալական հեռուստատեսիլի մէկ յայտագրին, պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն։
1 մայիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը գլխաւորեց երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետի երանացման արարողութիւնը ։
7-եւ 8 մայիս Պենետիկտոս ԺԶ , առաքեալական ճամբորդութիւն կատարեց Իտալիոյ Աքուիլէա եւ Վենետիկ թեմերուն ու պաշտօնապէս բացումը կատարեց Իտալիոյ Հիւսիս-Արեւելքի թեմերու եկեղեցական նախապատրաստական երկրորդ Գիտաժողովին, որուն աշխատանքները պիտի սկսին 2012-ին Աքուիլէայի մէջ։
12 մայիսին Սրբազան Քահանայապետը ուղիղ եթերով կապուեցաւ միջազգային անջրպետային կեդրոնի օդաչուներուն հետ։
4-5 յունիսին Նորին Սրբութիւնը այցելեց Խրուաթիան։
Անիկա 2011 տարւոյն Միջազգային առաջին ճամբորդութիւնն էր, որով շեշտը կը դրուի եւրոպայի եւ քրիստոնէական արմատներուն եւ Ընտանիքի կարեւորութեան վրայ։
19 յունիսին Պենետիկտոս ժԶ այցելեց Սան Մարինոյի հանրապետութիւնը։
29 յունիսին Սրբազան Հայրը իր երեց եղբօր հետ միասին տօնեցին իրենց քահանայութեան 60 ամեակը։
18-21 Օգոստոս, Պենետիկտոս ԺԶ գլխաւորեց Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Հաւաքը։
11 սեպտեմբերին այցելեց Իտալիոյ Անգոնա քաղաքը, եզրափակելու համար Իտալիոյ Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան 25-րդ Գիտաժողովը, որ տեղի ունեցաւ 3-11 սեպտեմբեր։
22-25 Սեպետմբեր, Նորին Սրբութիւնը 3րդ անգամուայ համար այցելեց իր մայր հայրենիքը՝ Գերմանիան, հանգրուան կատարելով Պերլին, Էրֆուրդ եւ ֆրիպուրկ-իմ-Պրէյզկաու։
9 հոկտեմբերին այցելեց Լամեզիա Դերմէ եւ Սեռռա Սան Պրունօ (Իտալիա) ։
Հոկտեմբերին կէսին Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի Բացման Նիստի 50րդ տարեդարձի առթիւ 11 հոկտեմբեր 2012-ին բացումը պիտի կատարուի Հաւատքի Տարւոյն։
27 Հոկտեմբերին Ասիզիի մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական հաւաքը, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի միջ-կրօնական պատմական հաւաքին 25րդ տարեդարձին առթիւ։
18-20 նոյեմբեր Սրբազան Քահանայապետը մեկնեցաւ Պենէն, պաշտօնապէս յանձնելու Ափրիէի եկեղեցւոյ Առաքելական Յորդորագիրը որ 2009-ին Վատիկանի մէջ գումարուած էր, արդիւնքը Ափրիկէի Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին։
12 դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Լատին Ամերիկայի երկիրներու անկախութեան 200 ամեակը ու այս առթիւ յայտարարեց որ յառաջիկայ 2012-ի գարնան պիտի այցելէ Գուպա եւ Մեքսիքօ։
18 դեկտեմբերին այցելեց Հռոմի Րէպիպիա բանտը ուր հանդիպում ունեցաւ 400 բանտարկեալներու հետ








All the contents on this site are copyrighted ©.