2011-12-31 08:13:01

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Թեզէի Եւրոպայի Երիտասարդներու Հանդիպումին Պերլինի Մէջ։


Վատիկանի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետեւեալ պատգամը ուղղած է. Մինչ Պերլին համախմբուած էք միասնաբար որոնելու աղբիւրը մեր յոյսին, Սրբազան Քահանայապետը ձեզի կը միանայ ձեզի հետ աղօթելու եւ ձեզ քաջալերելու յոյսի դուռը բանալու աշխարհին։
Ձեր այս հաւաքը թող ըլլայ նպաստաւոր առիթ, փոխանակելու ձեր փորձառութիւնները եւ իրարու հանդէպ վստահութիւն ունենալու։ Վստահութիւնը ինչպէս գիտէք կոյր պարզամտութիւն մը չէ։ Դուք ձերբազատուելով վախի գերութենէն, վստահութեան միջոցաւ աւելի տրամադիր կը դառնաք դիմագրաւելու առօրեայ մարտահրաւէրներն ու վախերը։ Դուք եղէք ջահակիրները յոյսի։ Ի տես աշխարհի աղքատութեան ու անարդարութեան շատ մը երիտասարդներ կը դիմեն բողոքի ցոյցի, կը մատնուին յուսահատութեան եւ կը սկսին բռնութիւններ կատարել։ Անոնք կարիքը ունին ձեր զօրակցութեան ու քաջալերանքին ու նաեւ խաղաղութեան ։
Հուսկ պատգամին աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ որ յառաջիկայ ձեր 35-րդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հռոմ ''Յաւիտենական քաղաքը''։ Հռոմը ջերմ ընդունելութիւն կը վերապահէ ձեզի եւ ես սրտանց ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։
Յայտնենք որ աւելի քան 30 գերմանացի բարձրաստիճան եկեղեցականներ կը մասնակցին Թեզէի Եւրոպայի երիտասարդներու հանդիպումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.