2011-12-30 13:58:02

Ռատիովատիկանի 80-ամեակը ՝ Աշխարհի շրջագայութիւնը 80 տարուայ ընթացքին, Ռատիօ Վատիկան 1931 - 2011՝՝


՝՝ Աշխարհի շրջագայութիւնը 80 տարուայ ընթացքին, Ռատիօ Վատիկան 1931 - 2011՝՝բնաբանով, հինգշաբթի 10 փետրուարին, յետ միջօրէի ժամը 5ին, Վատիկանեան Թանգարաններու ՝՝բանախօսութիւններու՝՜ սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ ներկայացումը Ռատիովատիկանի 80 ամեակի առիթով կամակերպուած Յոբելենական Նախաձեռնութիւններուն ու հանդիսութիւններուն։
Նշենք թէ ՝՝ Վատիկանի Ձայնասփիւռը հիմնուած է՝ Ձայնասփիւռի գիւտարար Գուլիէլմոս Մարքոնիի կողմէ 12 Փետրուար 1931ին։ Կայանին բացումը կատարուած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Հռոմի պապի կողմէ իսկ անոր տնօրէնութիւնը յանձնուած է Յիսուսեան Միաբանութեան։
Իսկ Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն ամէնօրեայ հաղորդումները սկիզբ առած են 1966ի՝ Մայիս 29ին քառորդ ժամուայ շաբաթական երկու հաղորդումներով։ 1975ին է որ հայկական հաղորդումները դարձան առօրեայ եւ երկար տարիներէ ի վեր 20 վայրկեան տեւող առօրեայ հաղորդումները ուղղուած են նախ եւ առաջ Հայաստանի բնակիչներուն ու նաեւ Սփիւռքի մէջ գտնուող Հայերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.