2011-12-30 13:44:11

Իրաքի Քիրքուրի նահանգապետը Յիսուսի ս. Ծնունդի օրը արձակուրդի օր հռչակած է։


2012 տարւոյն սկսեալ Իրաքի Քիրքուրի նահանգի պետը` տիար Նաժիմ ալ Տին Օմար Քարիմ Յիսուսի ս. Ծնունդի օրը արձակուրդի օր հռչակած է։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է մինչ այցելութիւն կը կատարէր Ք՚իրքուրի գաղտիացիներու աթոռանիստ եկեղեցւոյ։ Յայտնենք որ 2011-ի ծնունդի օրը դարձաել բռնութիւններու օր հանդիսացած է Քիրքուր քաղաքին մէջ, այս բռնութիւնները մասնաւորպէս ուղղուած էին քրիստոնեայ հասարակութեան դէմ։ Աւելի քան 2000 քրիստոնեայ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան գերապայծառ Սաքոյի ծննդեան պատարագին։ Քաղաքին իշխանութիւնները եւ իսլամ կրօնապետերը եկեղեցի այցելած են իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնելու։ Նահանգապետը իր ուղղած ուղերձին մէջ Յիսուսը որակած է ''խաղաղութեան իշխան'' եւ կոչ ուղղած է իրաքէն հեռացած քրիստոնեաներու հայրենիք վերադառնալ, մատնանշելով որ ''առանց ձեզի Իրաքի էական բան մը կը պակսի, առանց ձեզի իրաքը իրաք չէ'' եւ միաժամանակ ան ընդգծած է Սաքօ գերապայծառին կարեւոր դերը քրիստոնեա-իսլամ երկխօսութեան զարգացումին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.