2011-12-30 13:51:00

Գուպայի մէջ 2900 Բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին


Գուպայի նախագահ Րաուլ Գասդրոն Գուպայի խորհրդարանի մէջ իր ելոյթով յայտարարած է թէ յառաջիկայ 2012 գարնան որոշած է ազատ արձակել 2900 քաղաքական բանտարկեալներ։ ։ իր Խօսքին մէջ Գուպայի նախագահը մատնանշած է թէ այս որոշումը նկատի առնուած է նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գուպայ կատարելիք առաեքլական ճամբորդութեան առթիւ։ Գասդրօ ապա մատնանշած է Գուպայի պահպան սուրբ Էլ Գոպրէ Ողորմութեան Սուրբ Կոյսի 400րդ տարեդարձին որ պիտի նշուի յառաջիկայ 2012ին։ Անցեալ 13 դեկտեմբերին Ի լուր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Գուպա կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան միջազգային Գարիթասի նախագահ Կարտինալ Անդրէս Րոտրիկէս Մարատիական յոյս յայտնած էր որ <<Գուպան բացուի աշխարհին ու աշխարհը բացուի Գուպային>> եւ մաղթած էր որ իբր բարի կամքի ցուցաբերում Գուպայի իշխանութիւնները ազատ արձակէին քաղաքական բանտարկեալները։ "Caritas Internationalis" ի նախագահի գնահատումով այս քայլը սրբազան Քահանայապետի Գուպա կատարելիք ճամբորդութեան կարեւոր արդիւնք մը կը նկատուի։ Նշենք որ ՅՊԲ գուպա կատարած հովուական այցելութեան առթիւ 1998 ին 300 բանտարկեալներ ազատ արձակուած էին։ Պենետիկտոս ԺԶ գարնան պիտի այցելէ Գուպան եւ Մեքսիքոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.