2011-12-30 12:39:09

Ակնարկ Միջազգային Դէպքերու


Թուրքիոյ Օդուժի Հարուածներուն Պտճառով 35 Քիւրտ Քաղաքային Սպաննուած է
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը հարուածած է Շըրնաքի շրջանի քրտական գիւղերէն մէկը, որ կը գտնուի Իրաքի սահմանին վրայ: Յարձակումին պատճառով աւելի քան 35 զոհ արձանագրուած է:
Ըստ վարկածներէն մէկուն, սպաննուածները մաքսանենգներ են, որոնք շփոթուած են քիւրտ զինեալներու հետ:
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ թրքական իշխանութիւններուն պայքարը շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր կը շարունակուի: ՔԱԿ-ի անդամները կը պահանջեն քրտական անջատ պետութեան ստեղծումը:

Արաբ Դէտերը Համա, Իտլիպ. եւ Տարաա Այցելեցին
Սուրիոյ մէջ տեղակայուած Արաբական լիկայի դէտերը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Անոնք տասը անձերէ բաղկացած խմբակներու բաժնուելով` երէկ այցելեցին Համա, Իտլիպ եւ Տարաա:
Մինչ այդ, սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հոմսի Պուսթան Տիուան թաղին մէջ երեք ականներ վնասազերծուած են: «Սանա» կը նշէ, որ վնասազերծուած ականները հեռավարով պայթեցուող էին, տարբեր կշիռի էին եւ զետեղուած էին խիտ բնակչութիւն ունեցող վայրի մը մէջ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ իրեն հասած տեղեկութեանց, թրքական, քաթարական եւ էմիրաթական պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած է համակարգումի ժողով մը` քննարկելու համար Հոմսի բնակչութեան օժանդակութիւններու մատակարարման համար մարդասիրական ապահով միջանցքներու ստեղծման կարելիութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.