2011-12-28 13:38:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբէի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
Ընտանքիը աղօթքի առաջին դպրոցն է


Չորեքշաբթի 28 դեկետմբեր, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Սուրբ Պօղոս Անուան սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2011 տարուայ վերջին ընդհանուր ունկնդրութիւնը շնորհեց հոն համախմբուած հազարաւոր ուխատաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սրբազան Հայրը իր խօսքը կեդրոնացուց աղօթքի կարեւորութեան վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր -ըսաւ ան - Ծննդեան խորհուրդի լոյսին տակ ձեզ կը հրաւիրեմ վերագտնելու աղօթքի կարեւորութիւնը սուրբ ընտանիքի կեանքին մէջ։
Արդարեւ Նազարէթի տնակը աղօթքի դպրոց մըն է ուր կը սորվինք ունկնդրել` խորհրդածել եւ ըմբռնել Աստուծոյ Որդիին յայտնութեան խոր իմաստը։
Մարիամ Աստուածածինը Քրիստոսի հանդէպ հայեցողութեան անանց օրինակն է։ Աւետումէն մինչեւ ծնունդի օրը անոր սրտի հայացքը կեդրոնացուց անոր վրայ։ <<Ան ամէն այդ բաները պահած էր իր սրտին մէջ ու կը խորհէր անոնց մասին>>, այս է Մարիամի վերաբերմունքը մարդեղութեան խորհուրդի հանդէպ։ Ղուկաս աւետարանիչը մեզի կը ճանչցնէ Մարիամի սիրտը` անոր հաւատքը` անոր յոյսը` անոր հնազանդութիւնը` անոր ներքին կեաքն ու աղօթք եւ անոր ազատ յանձնառումը Քրիստոսի։
Աստուծոյ հայացքի տակ անոր ապրելակերպը փոխանցիկ է. Յովսէփը մղեց ապրելու Աստուծոյ հետ մտերմութեան մէջ եւ արձագանգելու Աստուծոյ կոչին, լիովին կատարելով իրեն յանձնուած հայրական դերը։
Նազարէթի` Յովսէփի աշխատանոցին մէջ Յիսուս սորվուեցաւ աղօթել` աշխատիլ եւ Աստուծոյ նուիրել իր հոգնութիւնները ընտանիքի ապրուստին սատարելով։
Սիրելի բարեկամներ` ընտանիքը աղօթքի առաջին դպրոցն է ուր մանուկները կարող են սորվիլ ընկալելու Աստուծոյ իմաստը իր ծնողած օրինակին ու դաստիարակութեան հետեւելով։ Ընտանիքը թող ըլլայ նաեւ վայրը ուր կը վերագտնուի միասնական աղօթքի գեղեցկութիւնը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներու` հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ Սուրբ Ընտանիքի տօնը որ պիտի յիշատակենք մօտօրէն առիթ մըն է վերատեսելու մեր յարաբերութիւնները եւ մեր զգացումները - ըսաւ Սրբազան Հայրը, ու խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն աւելցուց - Սիրելի երիտասարդներ Սուրբ Ընտանիքին նայեցէք եւ անոր օրինակով ձեւաւորուեցէք Աստուծոյ սիրով որ է մարդու սիրոյ օրինակը։ Սիրելի հիւանդներ Մարիամի օգնութեամբ վստահեցէք Տիրոջ որ լաւ կը ճանչնայ ձեր ցաւերը եւ միացնելով զանոնք իր ցաւերուն կը նուիրէ աշխարհի փրկութեան եւ դուք սիրեցեալ նորպսակեալներ որ կ՛ուզէք ձեր օճախը կառուցել Աստուծոյ խօսքին հաստատ ժայռին վրայ, ձեր տուները ըլլան Նազարէթի տան նման, հիւրընկալ վայր մը` ուր կայ սէր`հիւրնկալութիւն ու ներում։
Բարի Մաղթանքներ բոլորիդ








All the contents on this site are copyrighted ©.