2011-12-27 12:41:43

Տօնախմբութիւններ Քենիայի քրիստոնէութեան մուտքին առաջին դարադարձին առթիւ` նախագահ Քիպաքի կը մեծարէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերը։


Այս առթիւ Քենիայի հանրապետութեան նախագահը տիար Քիպաքի, մեծարած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերը ազգային կեանքին մէջ, ընդգծելով որ անիկա յառաջադէմ դեր կը կատարէ երկրին բարգաւաճումին ի խնդիր։ կաթողիկէ եկեղեցին պէտք է շարունակէ իր անփոխառինելի խորհրդատու դերը կատարլ երկրի իշխանութեան ու բնակչութեան մօտ։ Անիկա անբաժան մէկ մասն է մեր հայրենիքի տնտեսական ու քաղաքական միշտատեւ բարգաւաճումին։ Յայտնենք որ 13 դեկտեմբեր 1911-ին երկու միսիոնար հայրեր` յանձին Յովհաննէս Պալպոյի եւ Լուիճի Օլիվիէրոյի Քենեա հասան Յիսուսի Աւետարանը ճանչցնելու։ Նայրոպիի առաջնորդը` կարտինալ Ճոն Նժու շնորհակալութիւն յայտնեց առաջին երկու միսիոնարներունն, որոնք քրիստոնէութիւնը ճանչցուցին մեր ժողովուրդին եւ մենք անոնց պտուղներն ենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.