2011-12-27 12:40:25

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Դէպի երջանկութիւն առաջնորդող հինգ քայլերը


Վատիկանի ձայնասփիւռի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականը կը յատկացնէ Սրբազան Քահանայապետին ծնունդի առթիւ Վատիկանի վերին վարչութեան ուղղած ճառին։
Այս տարի եւս - կը գրէ հայր Լոմպարտին - Սրբազան Քահանայապետը հաղորդեց գեղեցիկ ու քաջալերական խօսքեր։ Զայն կատարեց այնպիսի ժամանակշրջանի մը մէջ ուր կ՛ապրինք ոչ միայն տնտեսական ճգնաժամ մը այլ - ինչպէս նշեց նորին սրբութիւնը - բարոյական, մշակութային եւ հոգեւոր աւելի խոր տաքնապ մը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի վերին վարչութեան ուղղած ճառին մէջ նշեց անցած տարուայ կարեւոր դրուաքներու փորձարութիւնը ինչպէս երիտասարդներու Մատրիտի համաշխարհային հաւաքը։
Այս փորձարութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը տեսաւ <<քրիտոնեայ ըլլալու նոր ձեւ մը` երիտասարդացած քրիտոնէութիւն մը>>։ Այս ուղղութեամբ Ան նշեց հինգ կարեւոր հանգրուաններ` հասկնալու համար թէ ինչ պետք ենք հաղորդել եւ ինչ ձեւով հաղորդելու ենք իրողութիւնները աշխարհի մը որ յոգնած եւ քրիտոնեայ ըլլալէ ցանցարաձած կ՛երեւի։
Սրբազան հայրը նախ եւ առաջ խօսեցաւ Կաթողիկէութեան նոր փորձարութեան մասին - եկեղեցւոյ տիեզերականութեան>> Ամէնքս ալ եղբայր ու քոյր ենք -ըսաւ Ան - եւ ասիկա պարզապէս գաղափար մը չէ այլ իրողութիւն մը։ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց <<ուրիշներու ի նապստ գործելու գեղեցկութեան մասին>> ժամանակն ու կեանքը իրենց իսկական իմաստը կը գտնեն երբ կը նուիրուին ուրիշներու համար։ Հուսկ խօսեցաւ սուրբ հաղորդութեան հանդէպ ջեռմերանդութեան մասին, հաւատոյ դաւանանքը յարուցեալ Քրիստոսի առջեւ որ ներկայ է սուրբ հաղորդութեան մէջ ու ապա նշեց ներումը զոր Աստուած կը շնորհէ մեզի խոստովանանքի խորհուրդով թեթեւցնելով մեր բեռը ու մեր առջեւ բանալով մեր եսասիրութեան դէմ պայքարող սիրոյ ճանապարհը։ Ի վերջոյ Սրբազան հայրը մատնանշեց այս վստահութեան մասին որ ամէնքս ընդունուած ենք ու սիրուած Աստուծմէ։
Միասնականութեան` նուիրումի` հաւատքի` ներողամտութեան` եւ սիրոյ վստահութեան այս հինգ քայլերը ընելով մեր կեանքը կը բացուի ուրախութեան` այլապէս այն հարցադրանքը թէ արդեօք կ՛արժէ ապրիլ անպատասխան կը մնայ ու կը դառնայ անյաղթելի կեանքը ենթարկելով տխրութեան զոհ։
Աստուծոյ հանդէպ կասկածելիութեան հետեւանքը անխուսաբելիօրէն մարդու հանդէպ կասկած կ՛առաջացնէ կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը։ Սակայն Աստուած մարդացաւ մեզի օգնելու ու այս կասկածները յաղթահարելու համար։ Ուստի ապրիլ որպէս մարդկային էակներ նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններու մէջ գեղեցիկ շնորհք մըն է ։ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.