2011-12-27 13:39:54

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Հանդիսաւոր Կերպով Նշեց Սուրբ Ծննդեան Տօնը։


Կիրակի, 25 դեկտեմբերին, Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Ծննդեան տօնը: Պէյրութի Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագին հանդիսապետեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքը` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տտէրը հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ ի միջի այլոց նշեց.
«Հարցնող մը կրնայ ըսել. ուրախանալու համար պատճառ կա՞յ: Անշո՛ւշտ թէ կայ, որովհետեւ եթէ Յիսուս աշխարհ եկած չըլլար եւ մարդկութիւնը փրկած չըլլար իր մահուամբ ու հրաշափառ յարութեամբ, բոլոր մարդիկ չարին ու մեղքին ստրուկ պիտի մնային, եւ ամէն օր պիտի ենթարկուէին Սատանայի խաբէութիւններուն, իրարու վնաս պիտի հասցնէին եւ երջանկութիւնը բնաւ պիտի չվայելէին:
«Իսկ մեզի համար, Ծննդեան տօնը ամէն տարի կը նորոգէ մեր սրտին մէջ եւ քրիստոնեայ հասարակութեան համար ուրախ զգացումներ, որոնք կ՛իրականանան ամէն անգամ, որ մեզմէ մէկը բարիք մը ընէ եւ կամ բարիք մը ընդունի, ամէն անգամ, որ կը ներենք ուրիշներուն իրենց յանցանքները եւ կամ ուրախութիւն կը սփռենք մեր շուրջ: Այս ուրախութիւնը փոխանցիկ կը դառնայ մեր միջավայրին մէջ եւ մեր ծանօթներուն մօտ:
«Յիսուսին տուած ուրախութիւնը մարդկային ուրախութիւն մը չէ, որ անցողակի է, ինչպէս` զուարճանալ, հագուիլ, պտտիլ, դրամ շահիլ, այլ` Յիսուս մեզի կը շնորհէ մնայուն ուրախութիւն, զոր նոյնիսկ առօրեայ նեղութիւնները, անհանգստութիւնը կամ ձախողանքը չեն կրնար մեր սրտէն խլել: Որովհետեւ մեր ուրախութիւնը հիմնուած է հաւատքին վրայ, այսինքն` որ Յիսուս միշտ մեզի հետ է, մեզ կը սիրէ ու կը պահպանէ եւ մեզմով կ՛ուզէ մարդոց բարիք հասցնել եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնը աւելի խաղաղ ու երջանիկ դարձնել»:
Ս. Ծննդեան եկեղեցական արարողութենէն ետք հոգեւոր տէրը եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց հաւատացեալներուն շնորհաւորութիւնները, ապա ան շարունակեց շնորհաւորութիւնները ընդունիլ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.