2011-12-26 10:16:29

Քրիտոնեաներու Դէմ Ահաբեկչական Արարք Նիճերիոյ Մէջ


Կիրակի 25 դեկտեմբերին մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարի կեդրոնական պատշգամէն կ՛ուղղեր իր Urbi et Orbi - Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհի - Ծննդեան պատգամը, Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն դէմ կը գործադրուէին ահաբեկչական արարքներ որուն զոհ գացին քրիստոնեայ նիճերացի հաւատացեալներ մինչ կը մասնակցէին Սուրբ Ծննդեան արարողութիւններուն։
Այս ուղղութեամբ Վատիկանի բանբեր հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտարարած է թէ Ապուժայի Սրբուհի Թերեզայ եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքը անգամ մը եւս յայտնաբերումն է դաժան եւ կոյր ատելութեան որ չի յարգեր մարդկային կեանքը այլապէս փորձ մըն է ատելութիւն եւ խառնաշփոթութիւն բանեցնելու։ Հայր Լոմպարտին հուսկ յայտնած է Սուրբ Աթոռի մօտիկութիւնը եւ զօրակցութիւնը Նիճերիոյ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին հանդէպ որ այս ուրախ եւ խաղաղ օրերուն ենթարկուեցան այսպիսի անիմանալի ուժգնութեան։ Մինչ կ՜աղօթենք զոհերուն համար - ըսաւ Հայր լոմպարտին - յոյս կը յայտնենք որ այս անիմաստ բռնութիւնը պատճար չդառնայ երկրի մէջ խաղաղ համակեցութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհը ընդհատլու։








All the contents on this site are copyrighted ©.