2011-12-26 13:32:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Երկուշաբթի 26 դեկտեմբեր - Տօն Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային։ Կէսօրին իր գրասենաեկի պատշգամէն Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց իր խօսքը կեդրոնացնելով սուրբ ստեփանոս նախավկային մասին որուն տօնը այսօր կը յիշատկուի մէջբերելով անոր մասին գրուած վկայութիւններ։ Աղօթք եւ աւետարանութեան մարդ` Ստեփանոս` որուն անունը կը նշանակէ "Թագ" Աստուծմէ ընդունեց մարտիրոսւթեան շնորհքը։ Առաքեալներու սերունդէն ետք մարտիրոսներու սերունդը առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն քրիստոնէական հասարակութեան ներքեւ։ եւ ասոր համար է որ եկեղեցին ջեռմերանդական մօտեցում ունի անոնց մասունքներուն հադէպ եւ զանոնք կը մեծարէ <<արաքինութեան տիպարներ>> <<ողջ վկաներ>> <<լուռ լրաբերներ>> տիտղոսներով։
Սիրելի բարեկամներ Յիսուսի իսկական նմանութիւնը սէրն է որ մի քանի քրիտոնեայ գրողներ զայն որակեցին <<գաղտնի մարտիրոսութիւն>>։ Ինչպէս հին ժամանակներուն այսօր եւս Աւետարանի հանդէպ անկեղծ հաւատարմութիւնը կարտող է պահանջել կեանքի զոհաբերում եւ աշխարհի տարբեր շրջաններու բազմաթիւ քրիտոնեաներ երբեմն ենթարկուած են հալածանքներու եւ նահատակութեան։ Սակայն Տէրը կը յիշեցնէ մեզի թէ <<ով որ դիմանայ մինչեւ վերջ` պիտի փրկուի>>։

Սրբուհի Մարիամի` մարտիրոսներու Թագուհիին ուղղենք մեր աղօգքը որ պահպանէ բարիին ձգտող մեր կամքը մասնաւորապէս մեր հակարակորդներուն հադէպ եւ Սուրբ Ստեփանոսի օրինակէն լուսաւորուած Աստուծոյ ողորմութեան յանձնենք եկեղեցւոյ սրակաւագներու աւետարանացումի առաքեալութիւնը։

խորդրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ապա սրտայոյզ կոչ մը ուղղեց Նիճերիոյ մէջ դադրեցնելու քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած ոճրագործ արարքները։ Սուրբ Ծնունդը աւելի մեծ խանդավարոպւթեամբ մեզ կը մղէ բարձրացնելու մեր աղօէքը առ Աստուած որ կանգնեցնէ մահ սերմանող ոճրագործ ձեռքերը ու աշխարհի մէջ իշխէ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։ Մեր հողերը կը շարունակուին թռջուիլ անմեղ արիւնով ։ Ցաւով իմացայ այն արարքներու տխուր լուրը զոր Յիսուսի Ծննդեան օրը ցաւ ու տարապանք բերին Նիճերիոյ Եկեղեցւոյ։ կ՛ուզեմ արտայատել իմ անկեղծ եւ սիրալիր մօտիկութիւնս քրիտոնեայ համայնքին եւ բոլոր անոնց որոնք ենթարկուեցան այս ահաւոր ուժգնութեան ու աղօթքս կը բարձրացնեմ անմեղ բազմաթիւ զոհերուն համար։ Այս պահուս կ՛ուզեմ դարձեալ հաստատակամ կրկնել <<Բռնութիւնը դէպի ցաւ` ոչնչացում եւ մահ առաջնորդող ճանապարհ մըն է. յարգանքը` հաշտութիւնը եւ սէրը ճանապարհն են խաղաղութեան։ RealAudioMP3








All the contents on this site are copyrighted ©.