2011-12-25 12:59:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի “Urbi et Orbi” - Հռոմ Քաղաքի Եւ Համայն Աշխարհի- Պատգամը։


RealAudioMP3

Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր
Քրիստոս Ծնաւ մեզի համար։ Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ երկիր խաղաղութիւն եւ մարդկանց հաճութիւն։
Թող ամէնուն հասնի Բեթղեհէմի պատգամին արձագանքը, որ Կաթողիկէ եկեղեցին կը հնչեցնէ բոլոր ցամաքամասերուն ազգային, լեզուական եւ մշակութային պատկանելիութիւններէն անդին։
Սուրբ Կոյս Մարիամի որդին ծնաւ բոլորին համար` բոլորին Փրկիչն է ։
Այսպէս կ՛աղերսէ ծիսական հին մեսեդի մը. ''Ով Էմմանուէլ մեր թագաւորն ու օրէնսդիրը, ժողովուրդներու յոյսն ու փրկութիւնը եկուր մեզ փրկելու, ով Տէր մեր Աստուածը''։
Եկ Փրկէ զմեզ։
Եկուր մեզ Փրկելու։ Այս է աղաղակը ամէն ժամանակաշրջանի մարդուն որ առանձին իքնզինք անկարող կը զգայ յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ վտանգները։
Ան կարիքը ունի իր ձեռքը դնելու աւելի մեծ եւ աւելի զօրաւոր ձեռքի մէջ, ձեռք մը որ վերէն իրեն կ՛երկարի։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս ձեռքը Յիսուսն է, ծնաւ Բեթղեհէմ Սուրբ Կոյս Մարիամէն։
Ինքն է ձեռքը զոր Աստուած երկարեց մարդկութեան զայն դուրս հանելու մեղքի շարժուն աւազէն եւ զայն ոտքի դնելու ժայռի վրայ, Ճշմարտութեան ու իր Սիրոյ ամուր ժայռին վրայ։ (Սղ. 40.3)
Այո, այս է անունին նշանակութիւնը այս Մանուկին. անունը, որ Աստուծոյ
կամքով, անոր տուին Մարիամն ու Յովսէփը։
Ան կը կոչուի Յիսուս, որ կը նշանակէ Փրկիչ ( Մատթ. 1,21 . Ղուկ. 1,31)։
Ան ղրկուեցաւ Հօր Աստուծմէ մեզ փրկելու մասնաւորապէս խոր չարիքէն,
արմատացած մարդու մէջ ու պատմութեան մէջ. այն է խզումը Աստուծմէ, սնապարծ հպարտութիւնը առանձին գործելու եւ Աստուծոյ հետ մրցակցելու ու զայն փոխարինելու, որոշելու որն է բարին եւ որն է չարը, . ըլլալու տէրերը կեանքի եւ մահուան։ (Ծնդ. 3,1-7)
Այս է մեծ չարիքը. մեծ մեղքը. որմէ մենք մարդիկս չենք կարող փրկուիլ եթէ ոչ ապաւինելով Աստուծոյ օգնութեան, եթէ չհայցենք. ''եկուր մեզ փրկէ'։
Մեր այս աղերսանքը դէպի Երկինք բարձրացնելով, մեզ կը դնէ ուղիղ պայմաններու մէջ, մեր ճշմարիտ իրողութեան առջեւ կը դնէ, մենք արդարեւ այն արարածներն ենք որ աղաղկեցին առ Աստուած եւ փրկուեցան։
Աստուած Փրկիչն է մենք անոնք ենք, որ վտանգի մէջ կը գտնուին։
Ան է բժիշկը ու մենք հիւանդները։
Այս իրողութիւնը ընդունիլը, փրկութեան առաջին քայլն է անել ճամբայէն տանող ելքն է, որուն մէջ փակուած ենք մեր հպարտութեան հետեւանքով։
Մեր աչքերը Երկինք բարձրացնելով, մեր ձեռքերը տարածելով ու օգնութիւն հայցելով փրկութեան ճամբան կը գտնենք, պայմանաւ որ Մէկը մեզի մտիկ ընէ եւ կարենայ հասնիլ մեր օգնութեան։
Յիսուս Քրիստոս ապացոյցն է որ Աստուած լսեց մեր աղաղակը։
Ոչ միայն՜ Աստուած մեզի հանդէպ ունի այնքան զօրաւոր սէր մը, որ չկարողացաւ մնալ ինքնիր մէջ, ելաւ Իքնիրմէ ու մեր մէջ եկաւ, լիովին բաժնեկցելով մեր մարդկային վիճակը (Ել. 3,7-12)։
Յիսուսով` Աստուծոյ մարդուն տուած պատասխանը, անհունօրէն կը գերազանցէ մեր ակնկալիքը, հասնելով այնպիսի զօրակցութեան որ չի կրնար ըլլալ միմիայն մարդկային` այլ եւ Աստուածային։
Միայն Աստուած է որ է սէր, եւ սէրը որ Աստուած է, կարող է` մեզ փրկելու համար, ընտրել այս ճանապարհը, որ վստահ ամենէն երկարն է, սակայն միակն է, որ կը յարգէ Անոր ճշմարտութիւն ու մերինը. հաշտութեան. երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ճանապարհը Հետեւաբար, Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս 2011-ի Սուրբ Ծնունդին դիմենք Բեթղեհէմի Մանուկին. Սուրբ կոյս Մարիամի Որդիին եւ ըսենք. Եկուր մեզ փրկելու։
Ու զայն կրկնենք հոգեւոր միութեամբ բոլոր այն բազմաթիւ անձերու հետ որոնք կ՛ապրին դժուար պայմաններու մէջ, ձայնակցելով անոնց որ ձայն չունին։
Միասին աղերսենք Աստուածային օգնութիւնը Ափրիկեան Ծոցի բնակիչներուն,
որոնք կը տառապին անօթութեան եւ երաշտի պատճառաւ երբեմն` վատթարացած մշտատեւ անապահովութեան հետեւանքով։
Թող Միջազգային հանրութիւնը չպակսեցնէ իր օժանդակութիւնը բազմաթիւ փախստականներուն վերոյիշեալ Տարածաշրջանէն, վիրաւորուած իրենց արժանաւորութեան մէջ։
Թող Տէրը սփոփէ Հիւսիս-Արեւելեան Ասիայի բնակիչները մասնաւորապէս Թայլանտիայի եւ Փիլիպպեաներուն, որոնք տակաւին դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին ողողումներու հետեւանքով։
Թող Տէրը օգնութեան հասնի վիրաւոր մարդկութեան բազմաթիւ ընդհարումներու հետեւանքով, որ տակաւին կ'արիւնեն երկրագունդը։
Ան, որ Խաղաղութեան Իշխանն է, թող պարգեւէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն այն Հողին որ ընտրեց աշխարհ գալու համար, քաջալերելով երկխօսութիւնը հրեաներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ։
Դադրեցուր Սուրիոյ մէջ բռնութիւնները, ուր արդէն շատ արիւն թափեցաւ։ Նպաստաւորէ կատարեալ հաշտութիւնը եւ կայունութիւնը Իրքաի եւ Աֆաղանիստանի մէջ։
Նոր ոյժ շնորհէ հասարակաց բարիքին վերակառուցումին Հիւիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու ընկերութեան բոլոր խաւերուն։
Փրկչին Ծնունդը թող նպաստէ Միանմարի մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարին, գտնելու համաձայնուած լուծումներ
Փրկիչին Ծնունդը թող ապահովէ քաղաքական կայունութիւն Ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներուն
եւ զօրավիգ ըլլայ հարաւային Սուտանի բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշպանութիւնը պահանջող ջանքերուն։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, մեր հայեացքը սեւեռենք Բեթղեհէմի քարայրին` Մանուկը զոր հոն կը տեսնենք մեր փրկութիւնն է։ Ան աշխարհին բերաւ հաշտութեան եւ խաղաղութեան տիեզերական պատգամ մը։ Անոր բանանք մեր սրտերը
Ընդունինք զինք մեր կեանքին մէջ։
Վստահութեամբ եւ յոյսով կրկնենք "Veni ad salvandum nos!" - եկ' Փրէ զմեզ։








All the contents on this site are copyrighted ©.