2011-12-24 11:30:46

Սուրբ Ծնունդը Վատիկանի մէջ


Շաբաթ 24 դեկտեմբի երեկոյեան ժամը 10ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Ծննդեան պատարգի արարողութիւնը։
Յետ միջօրէի ժամը 16.45ին Վատիկան Պետութեան կառավարիչը Ճուզեփփէ Պէրթելլօ Արքեպիսկոպոսը բացումը կը կատարէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած հսկայական մսուրին որ այս տարի` ՅՊԲ-ի երանելի հռչակման առթիւ կեդրոնացած է Սրբուհի Մարիամի կատարծ դերին Աստուածային փրկագործ ծրագրին պատմութեան մէջ։ Նշենք որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Մսուրի զետեղումը սկիզբ առած է ՅՊԲ օրով 1982ին։
Հուսկ ըստ սովորութեան` Սրբազան Քահանայապետը, յետ միջօրէի ժամը 18ին, իր գրասենեակի պատուհանին ստորին զետեղուած <<խաղաղութեան ճրագը>> կը վարէ ։


Սուրբ Երկիր
Շաբաթ 24 դեկտեմբերի կէսօրին երուսապէմի մէջ սկիզբ արին Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք ֆուատ Թուալի առաջնորդութեամբ Թափօրի մուտքով Բեթղեհէմ։ Ապա Ժամը 15ին Սուրբ Ծննդենան Պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ ժամասացութեան արարոութիւնը։ Հուսկ ժամը 23ին նախատեսուած է Ծննդեան Սուրբ Պատարգը որուն կը նախագահէ ֆուատ Թուալ Պատրիարքը եւ որուն կը մասնակցին Պաղեստինի նախագահ Ապու Մազէն` Պաղեստինի վարչապետ Սալամ ֆաեատ եւ Բեթղեհէմի քաղաքապետ Վիգթոր Պատարէշ ու այլ քաղաքական ներկայացուցիչներ ի շարս որոնց Իտալիոյ, ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Սպանիայի հիւպատոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.