2011-12-24 11:16:15

Յիսուսի Ծնունդը


Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը եղաւ սա՛ կերպով: Անոր մայրը` Մարիամ, Յովսէփի նշանուած, Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ` դեռ իրարու քով չեկած:
Յովսէփ` անոր ամուսինը, արդար [մարդ] ըլլալով, ու չուզելով որ խայտառակէ զայն, կը ծրագրէր ծածկաբար արձակել զայն:
Մինչ ան ա՛յդպէս կը մտածէր, ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոր` երազի մէջ, եւ ըսաւ. “Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար քովդ առնել կինդ` Մարիամը, որովհետեւ անոր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է:
Ան պիտի ծնանի որդի մը, եւ անոր անունը *Յիսուս պիտի կոչես, քանի որ ա՛ն պիտի փրկէ իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն”:
Այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած Տէրոջ խօսքը.
“Ահա՛ կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն”, որ կը թարգմանուի` Աստուած մեզի հետ:
Յովսէփ քունէն արթննալով` ըրաւ ինչ որ Տէրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն, եւ քովը առաւ իր կինը:
Ու չգիտցաւ զայն` մինչեւ որ ան ծնաւ իր անդրանիկ որդին. եւ անոր անունը Յիսուս կոչեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.