2011-12-23 12:56:53

Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Խաղաղութեան Համաշխարհային 25րդ օրուայ առթիւ ''Երիտասարդներու հանդէպ ուշադիր ըլլալը ընկերտութեան հիմնական պարտականութիւնն է''։


Անցեալ 16 սեպտեմբերի հրատարակուած Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Խաղաղութեան Համաշխարհային 45րդ օրուայ առթիւ պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատած է թէ <<Երիտասարդներուն հանդէպ ուշադրութիւնը համայն ընկերտութեան հիմնական պարտականութիւնն է ու հրաւիրած է ազգերուն պատասխանատուները ուշադիր ըլլալու երիտասարդներուն եւ անոնց հանդէպ ցուցաբերելու <<վստահելի վերաբերմուք>>։
Սրբազան Քահանայապետը կը թելադրէ երիտասարդներուն ապահովեցնել խաղաղութեան ու արդարութեան իսկական դաստիարակութիւն մը։ Աշխարհի մէջ վերջերս շատ մը երիտասարադներու արտայայտած մտահոգութիւնները կը ներկայացնեն իղձը հիմնական յոյսով դիտելու ապագան կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով արաբական գառունին կամ ալ ''ինտինիատոս'' ներու ալիքին։
Ուշադիր ըլլալ երիտասարդներուն աշխարհին, անոնց ընդառաջ երթալը եւ զիրենք արժէքաւորելը ոչ միայն հնարաւորութիւն մըն է այլ նաեւ ընկերութեան հիմնական պարտականութիւնն է կերտելու համար խաղաղ եւ արդար ապագայ մը։
Պենետիկտոս ԺԶ կը նշէ նաեւ ընտանիքը որպէս << խաղաղութեան եւ արադրութեան դաստիարակութեան առաջին դպրոց>>։ Հուսկ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ի տես ընտանիքի եւ կեանքի դիմագրաուած սպառնալիքներուն։ Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ նաեւ աշխատանքային պայմաններու մասին որ շատ անգամ չեն համապատասխաներ ընտանիքի պահանջներուն եւ անոր պատասխանատուութեան, պատճար դառնալով ընտանեկան կացութեան վատթարացումին։ Սրբազան Քահանայապետը արդ կը խնդրէ իշխանութիւններէն հարթելու ամէն անհատի արժանապատութիւնը։ Քաղաքական պատասխանատուներուն կոչ կ՛ուղղէ օգնելու ընտանիքները լաւագոյնս կատարելու համար իրենց դաստիարակչական պարտականութեան իրաւունքը։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը կ՛ակնրակէ նաեւ լրատուական միջոցներուն որ կարող են հանդիսանալ միջոցը երիտասարդներու դաստիարակութեան։ Իր Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կ՛ուղղէ նաեւ ուղղակիօրէն երիտասարդներուն <<դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ մի յուսահատիք եւ մի խաբուիք սխալ եւ դիւրին լուծումներ գտնելով ձեր հացերուն>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.