2011-12-23 12:55:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Ծննդեան շրջանի Ընթացքին Գլխաւորած Արարողութիւնները


Շաբաթ 24 դեկտեմբերին ճրագալոյց Սուրբ Ծննդեան առթիւ երեկոյեան ժամը 10ին Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը մատուցէ սուրբ պատարգը որուն աւարտին կը զետեղուի Յիսուս Մանուկի արձանիկը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պատրաստուած մեծ մսուրին մէջ։
Կիրակի 25 դեկտեմբերին, առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի պատշգամէն կու տայ Քրիստոսւի Ծննդեան պատգամն ու օրհնութիւնը “Urbi et Orbi” -որ կը նշանակէ Հռոմ քաղաքին եւ համայն աշխարհին ։
Իսկ Շաբաթ դեկտեմբեր 31ին, երեկոյան ժամը 17ին, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ << Te Deum>> ''Փառք ի Բարձունս''գոհաբանական աղօթքը։
Կիրակի 1 յունուար 2012, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարի մէջ` Խաղաղութեան համաշխարհային 45րդ օրուայ առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը կը մատուցէ գոհաբանական Սուրբ Պատարագ։ Նշենք որ Խաղաղութեան համաշխարհային 45րդ օրուայ պատգամի նիւթն է <<դաստիարակել երիտասարդները խաղաղութեան եւ արդարութեան>>։
Ուբաթ 6 յունուար 2012 առաւօտեան Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ։ Ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ եպիսկոպոսական օծում։
Կիրակի 8 յունուար 2012 առաւօտեան ժամը 9.45 Սրբազան Քահանայապետը ինչպէս ամէն տարի Սիքստինեան մատրան մէջ նորածին մանուկներուն կը մատակարարէ մկրտութեան խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.