Ուրբաթ 23 դեկտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 9ին Վատիկանի Redemptoris Mater Մատուռին մէջ
Պենետիկտոս ԺԶ Սրաբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Յիսնակաց շրջանի Խորդրդածութիւններու
չորրորդ ու վերջին հանդիպումին զոր կատարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը` Վեղարաւոր
Կրօնաւորներու Միաբանութեան անդամ` Հայր Ռանիէրօ Գանդալամեսսա-ն։ Ժամ 11ին Սրբազան
Հայրը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալական Դասի Գահերէցը Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն
ապա ժամը 11.30 հանդիպում ունեցաւ Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը
Կարտինալ ֆերնանտօ ֆիլոնին հուսկ ժամը 12ին ունկնդրութիւն շնորհեց Ավստրալիոյ դեսպան
Թիմոթի Անտրիւ ֆիշէր հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։