2011-12-23 14:13:53

Պաղտատի Մէջ 18 Համակարգուած Ականահարումներ 63 Զոհեր Կը Պատճառեն։


Ամերիկեան ուժերուն Իրաքէն հեռանալէն հազիւն չորս օր ետք իրերայաջորդ պայթումներ ցնցեցին մայրաքաղաք Պաղտատը: 18 անջատ, սակայն համակարգուած անձնասպանական գործողութիւններ եւ ականահարումներ 63 զոհեր եւ 180 վիրաւորներ պատճառեցին:
Ականահարումներուն թիրախը Պաղտատի շիիներով բնակուած շրջաններն էին,բայց ականահարումներ տեղի ունեցան նաեւ Սիւննի թաղերու մէջ ալ : Վերջերս Շիի վարչապետ Նուրի Մալիքիի կողմէ Սիւննի փոխնախագահ Թարեք Հաշիմիի ահաբեկչութեան ամբաստանութեամբ ձերբակալման պահանջին համար, համայնքային լարուածութիւնը մագլցում արձանագրած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.