2011-12-23 13:10:27

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով


Ս. Ծննդեան բերկրալիր առիթով, ձեզի կը փոխանցենք խաղաղութեան եւ ուրախութեան Հայրապետական պատգամը սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ, սարկաւագներ, կուսաններ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

«Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը, զոր Միածինը կ՚ընդունի Հօրմէն, լի շնորհքներով եւ ճշմարտութեամբ» (Յովհ Ա. 14)։

Այսօր մեզի համար երկինքէն լոյս մը ծագեցաւ։ Այսօր տօնն է ծննդեան մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի։ Եղբայրներ եւ քոյրեր, ցնծա՛նք եւ ուրախանա՛նք։
Որքան շահեկան դաս մը սորվեցուց մեզի խոնարհութիւնը Յիսուսի, որ Աստուծոյ Միածին Որդին ըլլալով հանդերձ՝ աղքատիք մսուրի մը մէջ ծնաւ, բան մը որ միայն հաւատացեալ քրիստոնեաները կրնան անոր իմաստը հասկնալ։ Մինչ ամբարիշտները եւ անօրէնները չեն կրնար զայն հասկնալ եւ մեզի հետ ուրախանալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Աստուած ծածկեց այս ճշմարտութիւնները իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ զանոնք յայտնեց մանուկներուն, ինչպէս կը հաստատէ Մատթէոս աւետարանիչը (տես Մտթ ԺԱ. 25)։ Այո՛, անոնք կրնան իմաստուն եւ գիտուն ըլլալ ըստ աշխարհի չափանիշներուն, բայց ո՛չ ըստ սուրբ Աւետարանի իմաստութեան։ Ասոր համար, պարզ եւ հաւատացեալ մարդիկ միայն, նոյնիսկ մեծ զարգացում չունեցողները, կրնան հասկնալ Յիսուսի խոնարհութեան իմաստը եւ հրճուիլ հրեշտակներուն հետ։ Իսկ միւսներուն համար, Յիսուսի ծնունդը ընթացիք տօն մըն է, որ կը վերադառնայ ամէն տարի, առանց անկէ ազդուելու ու օգտուելու, փոխուելու եւ ուրախանալու։
Հարցնող մը կրնայ ըսել. ուրախանալու համար պատճառ կա՞յ։ Անշո՛ւշտ թէ կայ, որովհետեւ եթէ Յիսուս աշխարհ եկած չըլլար եւ մարդկութիւնը փրկած չըլլար իր մահուամբ եւ հրաշափառ յարութեամբ, բոլոր մարդիկ չարին եւ մեղքին ստրուկ պիտի մնային, եւ պիտի ենթարկուէին ամէն օր Սատանայի խաբէութիւններուն, իրարու վնաս պիտի հասցնէին եւ երջանկութիւնը բնաւ պիտի չվայելէին։
Իսկ մեզի համար, Ծննդեան տօնը ամէն տարի կը նորոգէ մեր սրտին մէջ եւ քրիստոնեայ հասարակութեան համար ուրախ զգացումներ, որոնք կ՚իրականանան ամէն անգամ, որ մեզմէ մէկը բարիք մը ընէ եւ կամ բարիք մը ընդունի, ամէն անգամ որ կը ներենք ուրիշներուն իրենց յանցանքները եւ կամ ուրախութիւն կը սփռենք մեր շուրջ։ Այս ուրախութիւնը փոխանցիկ կը դառնայ մեր միջավայրին մէջ եւ մեր ծանօթներուն մօտ։
Յիսուսին տուած ուրախութիւնը մարդկային ուրախութիւն մը չէ, որ անցողակի է, ինչպէս զուարճանալ, հագուիլ, պտտիլ, դրամ շահիլ, այլ՝ Յիսուս մնայուն ուրախութիւն մեզի կը շնորհէ, որ նոյնիսկ առօրեայ նեղութիւնները, անհանգստութիւնը կամ ձախողանքը չեն կրնար մեր սրտէն խլել։ Որովհետեւ մեր ուրախութիւնը հիմնուած է հաւատքին վրայ, այսինքն՝ որ Յիսուս միշտ մեզի հետ է, մեզ կը սիրէ ու կը պահպանէ եւ մեզմով կ՚ուզէ մարդոց բարիք հասցնել եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնը աւելի խաղաղ եւ երջանիկ դարձնել։
Այսպիսի ուրախութիւն մը մեզի կը ներշնչէ նաեւ համերաշխութեան զգացումներ ունենալու մեր շուրջիններուն հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք մեզի պէս չեն մտածեր եւ կամ մեր համոզումները չեն բաժներ, եւ ասիկա կը պարտինք Յիսուսի գալուստին։ Առանց Յիսուսի բերած սիրոյ ոգիին, նոյն ընտանիքի անդամներն անգամ չեն կրնար հաշտ ըլլալ իրարու հետ, ինչպէս գիտէք։ Նոյնպէս, իրարմէ տարբեր միութիւններ կամ կուսակցութիւններ չեն կրնար համերաշխ կերպով գործակցիլ իրարու հետ առանց Յիսուսի բերած եղբայրասէր ոգիին։
Ծննդեան ուրախութիւնը մեզի կը ներշնչէ նաեւ քրիստոնէական յոյսը։ Արդարեւ, Յիսուս, յարութիւն առնելով, իսկապէս բացաւ մեզի համար երկնքի արքայութեան դռները եւ բազմեցաւ Հօր Աստուծոյ աջ կողմը։ Ատով, Յիսուս փաստեց որ մահը վերջակէտ մը չէ, այլ մահուընէն ետք յարութիւն կայ, յաւիտենական կեանք կայ, շնորհիւ իր յարութեան։
Ծննդեան ուրախութիւնը մեզի կ՚ապահովցնէ, որ կրնանք վստահիլ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան վրայ մեր տկարութիւններուն եւ մեր յանցանքներուն նկատմամբ։ Այսպէս, կրնանք ամէն օր կրկին նորոգուիլ աստուածային շնորհքներով եւ բնաւ չյուսահատիլ։ Արդէն, հարազատ քրիստոնեան յուսահատութիւն չի ճանչնար։ Աս ալ Յիսուսին բարեգթութեան կը պարտինք։
Սուրբ Ծնունդին բերած այս հոգեշահ եւ ուրախալիր տուրքերը մեզի համար չեն միայն։ Անձնասէր անձը ճշմարիտ քրիստոնեայ չէ։ Մենք պարտաւոր ենք զանոնք տարածել մեր շրջանակէն ներս, քանի Եկեղեցին բոլոր քրիստոնեաներով մէկ ընտանիք կը կազմէ։ Եւ նոյն ընտանիքի անդամները կը մասնակցին անոնցմէ ամէն մէկուն բարիքներուն, անշուշտ երբ անոնց մէջ կը տիրէ սէրը եւ համերաշխութիւնը։ Հոն պէտք է տիրէ նաեւ համագործակցութիւնը, եւ ասիկա մեր պատասխանատուութեան պարտաւորութիւնը կը համարուի։
Այս գաղափարէն մեկնակէտ առնելով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Նոր Աւետարանումի շրջան մը հռչակեց եւ յատուկ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոս մը կազմակերպեց գալիք Հոկտեմբեր ամսոյն, Վատիկանին մէջ, ոչ միայն աւետարանելու համար մարդիկ, որոնք Յիսուսի մարդեղութեան եւ փրկագործութեան խորհուրդները տակաւին չեն ճանչցած, եւ անոնց թիւը կը կազմէ շուրջ երկու երրորդը մարդկութեան։ Այս հսկայ մարդոց քանակը դեռ տեղեակ չէ, որ Յիսուս եկաւ աշխարհ եւ իրենց համար մեռաւ խաչին վրայ զիրենք փրկելու համար մահացու մեղքերէն, եւ յարութիւն առաւ իրենց շնորհելու համար յաւիտենական երջանկութիւնը եւ յարութիւնը մարմնաւոր մահէն ետք։ Զիրենք աւետարանելու համար, բազմաթիւ առաքեալներու կարիքը կայ եւ ամէն համոզուած քրիստոնեայ պարտի առաքեալ ըլլալ։
Բայց վերոյիշեալ Սիւնհոդոսը նպատակ ունի նաեւ արծարծելու հաւատքը հին քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մօտ, ինչպէս է վիճակը հայ ժողովուրդին, որ պատիւը եւ փառքը ունեցած է քրիստոնեայ կրօնքը որդեգրելու չորրորդ դարուն սկիզբը եւ առաջին քրիստոնեայ ազգը դառնալու։ Ո՞ւր են հիմա մեր հայորդիները լուսաւորչեան հաւատքին նկատմամբ։ Դժբախտաբար, համայնավար վարչաձեւը անկրօնութիւնը քարոզեց եւ զայն հաստատեց մօտ եօթանասուն երկար տարիներ Մայր Հայրենիքին եւ շրջակայ երկիրներուն մէջ ուր հայեր կը բնակին, զրկելով զանոնք հոգեւոր սնունդէ եւ զանոնք հեռացնելով քրիստոնեայ ճշմարտութիւններէ եւ մխիթարութիւններէ։
Սիրելիներ, տարի է մը ի վեր, Միջին Արեւելքի զանազան երկիրները խռովքի մէջ են։ Աջ ու ձախ ժողովուրդներ եւ մանաւանդ երիտասարդներ, փողոց իջած են խնդրելու համար խղճի ազատութիւն, արդարութիւն փտտութեան դէմ եւ մարդկային տարրական իրաւունքները, եւ որոնց պատճառաւ հազարաւոր մեռեալներ եւ վիրաւորեալները անոր գինը վճարեցին եւ տակաւին կը վճարեն իրենց արիւնով։ Այս տխուր դէպքերը ամէն օր կը պատահին եւ անոնց լուրերուն կը հետեւինք։ Մենք կը դատապարտենք ամէն տեսակ բռնութիւն անձերու եւ պաշտամունքի վայրերու դէմ, մանաւանդ Իրաք եւ Եգիպտոս։ Ո՛չ միայն Յիսուսի բերած խաղաղութեան պատգամին ի նպաստ գլխաւոր եկեղեցականները ձայն կը բարձրացնեն խնդրելով վերջ տալ արիւնահոսութեան, այլ բոլոր կրօնքներուն հետեւորդները պէտք է գործակցին հաստատուն խաղաղութեան, յարգանքի եւ ազատութեան մտնոլորտ մը ստեղծելու, արագ կերպով եւ ամենուրեք, քանի կրօնքները պէտք է ըլլան խաղաղութեան ազդակներ։
Մեր ծննդեան պատգամը կը մնայ Հրեշտակներուն աւետած խաղաղութիւնը։ Թո՛ղ բնակի այս խաղաղութիւնը նախ մեր սրտերուն եւ ընտանիքներուն մէջ, բայց նաեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մօտ, մանաւանդ Միջին Արեւելքին մէջ։ Թո՛ղ Յիսուսի ծնունդին տօնը պահպանէ Լիբանանը եւ լիբանանցիները որեւէ պատերազմէ եւ պայքարէ։ Այս նպատակներուն համար կոչ կ՚ուղղենք ձեզի, որպէսզի աղօթէք եւ ձեր խաղաղարար ձայնը հասցնէք ձեր շրջանակէն ներս։
Յիսուսի գալուստը թո՛ղ ամոքէ ցաւերը տառապողներուն եւ մխիթարէ բոլոր անոնք որ կարիք ունին սփոփանքի եւ յոյսի։
Տէ՛ր Յիսուս, շնորհակալութիւն կը յայտնենք քեզի մարդեղութեանդ համար։ Կանգնէ՛ աշխարհին մէջ ճշմարտութեան եւ սիրոյ արժէքները, որպէսզի տիրեն բոլոր ժողովուրդներուն վրայ, որոնց համար դուն ծնած ես եւ քարոզած ես։
Թո՛ղ իրականանայ մեր օրերուն քու խոստումդ Եսայի մարգարէին բեռնով։ «Մեզի մանուկ մը ծնաւ. իշխանութիւնը անոր ուսերուն վրայ է։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Խաղաղութեան Իշխան։ Անոր իշխանութիւնը մեծ պիտի ըլլայ եւ իր խաղաղութեան սահման չկայ» (Ես. 9, 6-7)։
Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս



…Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.