2011-12-21 16:01:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը ։


Չորեքշաբթի 21 դեկտեմբեր , առաւօտեան ժամը 10.30 Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներուն։ Ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կատարեց իր խորհրդածութիւնը՝ խօսելով Սուրբ Ծննդեան տօնին ու անոր նշանակութեան մասին։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ Սրբազան Հայրը) մի քանի օրէն պիտի տօնենք Սուրբ Ծնունդը , առիթ մը իրարու փոխանակելու մեր բարեմաղթութիւններ։ Իրադրութիւն մը որ աստիճանաբար կորսնցուցած է իր հոգեւոր արժէքը, ու դարձած արտաքին երեւոյթ մը։

Սուրբ Ծննդեան արարողութեամբ եկեղեցին մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի մարդեղութեան խորհուրդը։ Ասիկա Յիսուսի ծննդեան տարեդարձը չէ որ կը յիշենք միայն, այլ մեծ խորհուրդը որ կը շարունակէ այսօր եւս դրոշմել մարդկութեան պատմութիւնը։ Յիսուսի Ծնունդը պատմութեան եւ տիեզերքի իրադաձութեան մաս կը կազմէ։ Քրիստոնէական աւանդութեան համաձայն տարիները կը հաշուենք մեկնելով Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդէն։ Այդ վարկեանէն Աստուած մօտեցաւ մարդուն։ Մսուրի Մանուկին մէջ կրնանք զինք ճանչնալ ու իրեն հանդիպիլ անվերջ <<այսօրուայի>> մը ընթացքին։ Յիսուս մարմնացաւ ստանալով մարդու կերպարանք, յաղթելու համար մահն ու մեղքը։ Սուրբ Ծնունդով մեզի կը յայտնուի Փրկիչ Տէրը, արդարութեան արեւը, որ կը փարատէ աշխարհի ու մեր կեանքի խաւարը։
Սիրելի բարեկամներ ընկալենք այս Մանուկի բերած բարի ու փոխակերպիչ լոյսը։

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան ներկայ հաւատացեալները ,եւ ինչպէս միշտ ողջոյնի յատուկ խօսք մը ուղղեց՝ երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ ( ըսաւ ան ) Սուրբ Կոյսի հաւատքի տրամադրութեամբ մօտեցէք Բեթղեհէմի այս խորհուրդին։ Իսկ Դուք սիրելի հիւանդներ Մսուրի մէջէն քաղեցէք ուրախութեան եւ ներքին խաղաղութեան զգացումը զոր Յիսուս բերաւ աշխարհ, եւ դուք նորապսակեալներ հետեւողականութեամբ դիմեցէք Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի առաքինութիւններուն ու զանոնք փոխադրեցէք ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.