2011-12-21 15:59:45

40 Միլիոն Տոլար Տնտեսական Օգնութիւն ԱՄՆ-էն ՀայաստանինԿը Տրամադրուի.


ԱՄՆ-ու Ծերակոյտը եւ Ներկայացուցիչներու Պալատը անցեալ շաբաթավերջին քննարկած են եւ՝ հաստատած 2012 թուականի տնտեսական տարուան արտասահմանեան օգնութեան նախագիծը:
Ինչպէս կը տեղեկանանք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի տարածած մամուլի հաղորդագրութենէն, օտարերկրեայ օգնութեան նախագիծին մէջ Հայաստանի համար նախատեսուած տնտեսական օգնութեան չափը 40 միլիոն տոլար կը կազմէ (2011ի համար եւս Հայաստանին 40 միլիոն տոլար տնտեսական օգնութիւն նախատեսուած էր), Ատրպէյճանի օգնութեան չափը` 16,6 միլիոն տոլար, իսկ Վրաստանի յատկացուելիք տնտեսական օգնութեան չափը` 66 միլիոն տոլար:








All the contents on this site are copyrighted ©.