2011-12-20 12:28:49

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Սրբազան Քահանայապետը Բանտը կ՛այցելէ


Վատիկանի Ձայնասփիւռի տնօրէն հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ իր խմբագրականը կը նուիրէ Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի Ռէպիպիա բանտը կատարած հովուական այցելութեան։Ան` սկիզբը կը նկարագրէ բանտին իրողութիւնները` բանտարկեալներուն սխալները` անոնց հարազատներուն ցաւը եւ բանտապահներուն դժուար աշխատանքը, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն եւ օրէնսդիրներուն դիմագրաուած հարցերը բանտերու իրավիճակի մասին որ յաճախ կը մնան անլուծելի։ Բանտի իրավիճակը - կը գրէ հայր լոմպարտին - հիմնական ցուցանիշ է երկրի մը քաղաքակրթութեան։ Ասօր համար է որ բնականօրէն եկեղեցին գիտակից է իր ներկայութեան անհրաժեշտութեան բանտերուն մէջ եւ թէ նոյնիսկ քահանայապետները - սկսեալ Յովհաննէս ԺԳ-էն, որ այցելած էր Րէճինա Զէլի բանտը 26 սեկտեմբեր 1958-ին - բանտերու դռները կը զարնեն այցելելու համար բանտարկեանլները` պահ մը` իրենց հետ ապրելու ունկնդրելով անոնց մտահոգութիւնները ու անոնց քաջալերական խօսք մը ուղղելով։ Պատահական չէ որ սուրբ ծննդեան շրջանին երբ կարիքը ունինք զօրակցութեան ու սիրոյ ուժեղ արտայատումներու։

Տնտեսական ճգնաժամի մտահոգութիւնները պէտք չեն առիթ ըլլալ մոռնալու հասարակութեան դժբախտներու պայմանները եւ կամ զայրանալու անոնց դէմ։ Աւլելի արդար եւ հաւասար հասարակութիւն մը կը կառուցուի մեկնելով ամենահետիններէն եւ կը ջանայ հաշտեցնել ու բուժել իր ամէնախոր վէրքերը։
Յիշենք բանտարկեալներու իրավիճակը աշխարհի մէջ։ Ափրիկէի ի նպաստ գումարուած սիւհոդոսի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Ափրիկէի բանտերու սարսափելի պայմանները եւ վերահաստատեց յանձնառութիւնը մահապատժը ջնջելու։ 2000 յոբելենի առթիւ ՅՊԲ հստակօրէն խնդրած էր <<գթութեան արտայայտում>> հանդէպ բանտարկեալներուն։ Արդե՞օք համապատասխանեցին այս խնդրանքին թէ տակաւին կը սպասենք անոր իրագործումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.