2011-12-20 13:16:19

Կիթառի Փրոֆէսոր՝ Ժոզէֆ Եղիա Իշխանեանի Պարգեւատրում՝ Սպանիոյ Կառավարութեան Կողմէ։


Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանի մօտ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլօ Կաֆօ, Սպանիոյ կառավարութեան անունով պարգեւատրեց «Isabelle-la-Catholique» կարգի շքանշանով, ազգային պետական երաժշտանոցի կիթառի փրոֆէսոր՝ Ժոզէֆ Եղիա Իշխանեան, Սպանիոյ նկատմամբ իր կատարած ծառայութիւններուն համար:
Այս առթիւ, Սպանիոյ դեսպանը յայտնեց որ «Isabelle-la-Catholique» կարգի շքանշանը (ստեղծուած՝ 1815-ին) կը ստանան այն սպանացի կամ օտար անձնաւորութիւնները, որոնք բացառիկ ներդրում ունեցած են, քաջալերելով բարեկամութեան ու համագործակցութեան կապերը Սպանիոյ եւ միջազգային հանրութեան միջեւ: Ան աւելցուց, որ փրոֆէսոր՝ Ժոզէֆ Եղիա Իշխանեան, այս իւրայատկութիւնը ունեցաւ ապրելու եւ ներշնչուելու Սպանիոյ դասական կիթառի մեծ յօրինողներէն, շնորհիւ իր վճռակամութեան ու սիրոյ կիթառին հանդէպ:
Սպանիոյ Դեսպանը բարձր գնահատեց Իշխանեանի սէրը սպանական մշակոյթին հանդէպ, կիթառին բարձր արհեստավարժութիւնները ներկայացնելով լիբանանեան հանրութեան 1970 թուականէն սկսեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.