2011-12-19 09:40:20

Սուրբ Գրային Խորհրդածութիւն


Այսօրուայ աւետարանի խօսքերով մեր Տէրը Յիսուս մեզ կը հասկըցնէ թէ որքան մեծ է գայթակղութեան մեղքը, եւ թէ որչափ զգոյշ ըլլալու ենք ուրիշներուն չգայթակղեցնելու համար: Ի՞նչ է գայթակղութիւնը եւ ի՞նչ կը հասկնանք գայթակղեցնել ըսելով:
Սիրելիներ, մարդուն կեանքը եւ հոգին դժբախտ դարձնող եւ վնասող ամէն ինչ գայթակղութիւն է:
Եթէ ակնարկ մը նետենք մեր արօրեային պիտի անդրադարնանք թէ աշխարհը գայթակղութիւններով կը վխտայ. բողոցը, գործատեղին, նոյնիսկ տան մէջ, ընտանիքներուն մէջ, բարեկամութեան մէջ գայթակղութիւններ կան, ըլլան անոնք մարմնական, մտային կամ հոգեւոր գայթակղութիւն: Զոր օրինակ աշակերտ մը բարեկամին կը համոզէ որ դմրեցուցիչը ուրախութիւն կը պատճառէ, ձաւերը կը մեղմացնէ եւ հանգստութիւն կը պատճառէ. այս արարքը աշակերտին մարմնական գայթակղութիւն է. իր այս արարքով գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար բարեկամին կեանքը կը կործանէ: Կամ զոր օրինակ մայր մը իր երեք տարեկան զաւկին ծխել կը սորվեցնէ, եւ կը հպարտանայ որ իր զաւակը շուտ կը վարժուի ծխելու: Յաճախ կը հանդիպինք հայրերու եւ մայրերու որոնք պատիւ կը զգան եւ հպարտանան որ իրենց փոքր զաւակը հայհոյանքներուն մեծ մասը ջուրի նման գոց գիտէ: Վայ այսպիսի անձերուն կ’ըսէ մեզի Քրիսոտս, աղեկ է որ երկանաքար մը կապեն իրենց վզին ու ծով նետուին քան թէ հրեշտակային հոգիով այս պզտիկներուն գայթակղեցնեն:
Աստուած մեզ ազատ ստեղծեց, առողջ ստեղծեց, երջանիկ ստեղծեց, սակայն մեր ազատութիւնը սահմանափակ է: Ուրիշին կեանքին հետ չենք կրնար խաղալ: Այս աշխարհին մէջ կրնանք արդարութենէն փախչիլ, սակայն Աստուծոյ արդարութենէն փախուստ չկայ: Հետեւաբար, զգոյշ ըլլանք ուրիշին կեանքը դեդեւի չառնենք:
Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ նաեւ եղբայրական ներողամտութեան: Մենք որպէս եղբայրեր մեր Հօր Աստուծոյ, պէտք չէ ունենանք ոխակալութիւն: Եթէ Քրիստոս իր թշնամիներուն մեղքերը ներեց, հապա մենք որպէս եղբայրներ պարտինք իրարու սիրով տանիլ, իրարու հանդէպ երկայնամիտ ու բազումողորմ ըլլալ, նման մեր երկնաւոր հօր, որ գթած ու ողորմած է:
Եթէ եղբայրդ յանձանք գործէ սաստէ զինք կ’ըսէ Քրիստոս: Սաստել ըսելով՝ նախատել կամ անարգել չի նշանակէր, ոչ ալ անտետել: Սաստէ զինք կը նշանակէ՝ անոր հետ խօսէ, սիրով հասկցուր թէ իր ըրածը ծուռ է, եւ երբ ընդունի սխալը՝ ներէ զինք: Ամէն անգամ որ մեր եղբայրը, մեր բարեկամը մեղանչէ մեր դէմ եւ խոստովանի իր մեղքը պարտինք ներել զինք: Ներելը դիւրին չէ, սակայն երբ մտածենք թէ մեր ծնողքը որչափ մեզ ներած են պզտիկ եղած ատեննիս, մեր չարութիւնները եթէ արձանագրած ըլլային դերեւս մենք փոքր պիտի մնայինք: Ներելը դիւրին չէ, որովհետեւ շատ անգամ մեր եսը, մեր ինքնահաւանութիւնը մեր վրայ կ’իշխեն եւ սատանան կը փորձէ մեզ հասկցնել թէ ներումը տկարութիւն է, դիմացինին յանձնուիլ է: Բայց իրականութիւնը այնպէս չէ. ան որ չի գիտեր ներել չի գիտեր սիրել: Որովհետեւ սէր չկայ առանց ներումի եւ ոչ ալ ներում՝ առանց սիրոյ: Մարդուն մեծութիւնը անոր դիրքը չէ, անոր հարստութիւնը չէ, եւ ոչ ալ անոր գիտութիւնը: Մարդուն մեծութեան չափանիշը՝ իր սէրն ու ներողամտութիւնն է: Մարդ արարած որքան սիրէ եւ որքան ներէ մերձաւորին կը մեծնայ եւ կը բարձրանայ ո՛չ թէ մարդոց աչքին այլ՝ Աստուծոյ:
Թող ամենաբարին Աստուած մեր հաւատքը զօրացնէ, որպէսզի հաւատանք անոր խօսքերուն մեծութեան եւ կարեւորութեան: Թող որ իր սուրբ Ծնունդն ու Յայտնութիւնը ըլլան մեզի սիրոյ գերագոյն նշաններ մեր դիմացինը սիրելու, մեր դիմացինը ներելու ինչպէս որ Աստուած մեզ սիրեց իր Միածին Որդին ղրկելով, եւ որպէս փրկանք տալով՝ ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց:








All the contents on this site are copyrighted ©.