2011-12-19 13:29:49

Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Տօնի Հանդիսաւոր Նշում Ժեհթաուիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ,


Լիբանան- Կիրակի, 18 դեկտեմբերին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան Ժեհթաուիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը: Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Արթուր Նազարեան:
Գեղամ արք. այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ ներկայացուց Աւետարանին մէջ ամէնէն սքանչելի կերպով ներկայացուած հովիւի պատկերը, որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ հարազատութիւնը մարդկութեան նկատմամբ, շեշտը դնելով ապահով ըլլալու հասկացողութեան վրայ եւ նկատել տուաւ, որ հովիւը ապահովութիւն ներշնչող է: Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ վստահութիւնը, ընդգծեց Սրբազանը, պէտք չէ խախտի, որովհետեւ անիկա է ապահովութեան վայրը. ընդգծեց նաեւ՝ որ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայութեան հարազատ արժէքներուն պահպանումն է օտար ուղղութիւններու դէմ: Ս. Յակոբի տօնին առիթով Գեղամ արք. Խաչերեան, ներկաները հրաւիրեց պահելու քրիստոնէական հաւատքը:
Պատարագին եւ հոգեհանգստեան պաշտօնին աւարտին Սրբազանը Ս. Յակոբի տօնին առիթով կատարեց մատաղօրհնէք:








All the contents on this site are copyrighted ©.