2011-12-19 13:24:51

Ոչ Եւս է Վագլավ Հավէլ։ Յետ համայնավարութեան անկումին Ժողովրդավար Չեխ Հանրապետութեան Առաջին Նախագահը։


18 Դեկտեմբերին վախճանեցաւ ՝՝ թաւշային յեղափոխութեան՝՝ հերոսը ,յետ համայնավարութեան անկումին ժողովրդավար Չեխ Հանրապետութեան առաջին Նախագահը յայտնի թատերագիր Վագլավ Հավէլ 75 տարեկանին,գնացած պահուն, յետ երկարատեւ հիւանդնութեան Հըրատէչէք-ի՝ իր բնակարանը, Թրութնով մարզը գտնուող։ Հավէլի կեանքը եղաւ կեանքը մը նուիրուած՝ արուսետի, այլախոհութեան ու քաղաքականութեան բայց ամէն բանէ աւելի քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներու համար տարած պայքարին,որու հետեւանք Չեխոսլովաքիոյ համայնավար վարչակարգի ժամանակ դատապարտուեցաւ հինգ տարուայ խիստ բանտարկութեան։
Ի լուր անոր մահուան բազմահազար Չեխեր հաւաքուեցան Փրակայի կեդրոնը որպէսզի յարգէն Վագլավ Հավէլի յիշատակը,ինչպէս նաեւ հնչեցին Երկրի Եկեղեցիներու զանգակները ։ Վագլավ Հավէլի յուղարկաւորութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ Ուրբաթ 23 Դեկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.