Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ երրորդ օրն ըլլալով ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն
միջեւ բախումները շարունակուեցան : Բախումներուն պատճառով առնուազն ութ զոհեր եւ հարիւրաւոր
վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ շէնքեր հրկիզուեցան: Հրկիզուող շէնքերուն շարքին էր
Եգիպտոսի Արխիւներու հիմնարկը, ուր աւելի քան 200-ամեայ արժէքաւոր ազգային արխիւներ հրկիզուեցան,
այսպէս վերջ տալով 160 գիտնականներու 17-ամեայ աշխատանքին: Բռնարարքները շուքի տակ
դրին փետրուարին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութենէն հեռացումէն ետք երկրին խորհրդարանական
առաջին ընտրութիւնները: Ցուցարարները կը պահանջեն Զինեալ Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդի
իշխանութենէն հեռացումը: