2011-12-17 14:01:30

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը։Ե՞րբ կը տօնենք։


Սուրբին յիշատակի օրը կանուխէն հաստատուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, եւ կը տօնուի ամէն տարի Յիսնակացի երրորդ Կիրակի օրուան յաջորդող շաբաթ օրը: Այս կը նշանակէ թէ Սուրբ Յակոբին տօնը կը յիշատակենք
Դեկտեմբեր 12-18-ի օրերուն մէջ հանդիպող Շաբաթ օրը:

Սուրբ Յակոբի Կեանքը։
Սուրբ Յակոբ ծնունդով Ասորի էր եւ հօրաքրոջ որդին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ու
Պարթեւական տոհմէն: Անոնք միասին դաստիարակուած էին Կեսարիոյ մէջ: Ս. Յակոբ որոշ ժամանակ ապրեր էր Պարսկաստանի Արքունիքին մէջ, սակայն յետագային կ’ընտրէ ճգնաւորի կեանքը եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ կ’ուղուի Մծբին քաղաքի վանքերէն մէկը՝ Մարուգէ (կամ Մարկեղոս) ճգնաւորին մօտ: Ան մասնակցած է Նիկիոյ մէջ կայացած տիեզերական ժողովին 325 թուականին: Մծբինի Աթոռին համար ձեռնադրուած է Եպիսկոպոս, որ գուշակուած էր Մարուգէ(կամ Մարկեղոս) ճգնաւորին կողմէ: Հայ մատենագրութեան մէջ յայտնի են իր 22 ճառերէ բաղկացած «Զգօն» գիրքը: Ս. Գրիգոր Նարեկացին հիացող մը եղած է Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին,
որուն նուիրած է իր ներբողական գրութիւններէն մէկը:

Սուրբ Յակոբին նուիրուած «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» անունով գեղեցիկ
շարական մը գրուած է: Այս շարականը հաւանաբար գրուած է այն դէպքին առիթով ուր կը պատմուի թէ Պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը աշխարհածաւալ իր արշաւանքներուն ընթացքին կը հասնի Մծբին որ կը պաշարէ 70 օրեր շարունակ: Շնորհիւ Ս. Յակոբի քաղաքին ներսէն կազմակերպած միջոցառումներուն, ան անկարող կ’ըլլայ գրաւելու Մծբինը:








All the contents on this site are copyrighted ©.