2011-12-17 14:01:09

Աստուծոյ Ծառայ ֆրանչիսքօ Էստէպան Լաքալ ու իր Միաբանակից 21 Ընկերները՝ Խորաններու Պատւոյն։


Այսօր Սպանիոյ մէջ,Երանելի հռչակուեցան Աստուծոյ Ծառայ ֆրանչիսքօ Էստէպան Լաքալ ու իր 21 Միաբանակից ընկերները ,որոնք նահատակներն են Սպանական Քաղաքացիական պատերազմին (1936-ի Յուլիս եւ Նոյեմբեր ամիսներու միջեւ) որ կը նպատակադրէր ջնջել Քրիստոնէութիւնը ազգային աշխարհագրութենէն,ծրագիր մը որ սկիզբ առած էր 19.երորդ դարու առաջին տասամեակին ,երբ 1836ին լոյս տեսած օրէնքի մը համաձայն( Նախարար Մէնտիզապալ-ի Օրէնքը) կը բռնագրաւուէին Կղերին ու Կրօնաւորներու ինչքերը ,աւելի ուշ նաեւ սկիզբ կ՝առնէր տարագրութիւնը՝ Եպիսկոպոսներու ու Քահանաներու,Եկեղեցիներու ու Վանքերու հրկիզումը եւ սպաննութիւնը Քահանաներու ու Կրօնաւորներու։ 1936ին հակա-կղերականութիւնը որոշեց ջնջել Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը Սպանական հողերէն ներս ,նաեւ աջակցութեամբը Ժողովրդական Ճակատ կոչուած Շարժումին։
Ամէն տարիքէ ու դասակարգէ բազմահազար հաւատացեալներ զոհ գացին իրենց դէմ կիրարկուած բռնութեանց,մանաւանդ հոգեւորականները,արդարեւ աւելի քան 6.800 եկեղեցականներ նահատակուեցան ընդ որս Փոզուէլօ Տէ Ալարքոն-ի՝ այն է Մարիամ Սուրբ Կոյսի Միաբանութեան Միսիոնարները(Missionari Oblati di M.Immacolata) որոնց ներկայութիւնը մեծ վտանգ կը ներկայացնէր , տեղւոյն հակակրօնական շարժումին համար ։
Անոնց նկատմամբ առաջին սպառնալիքները արդէն սկիզբ կ՝առնէին 1931ին, եւ 1934ին, իսկ 1936ի 22 Յուլիսին զինեալներու մեծ խումբ մը կը ներխուժէր Կրօնաւորներու վանքը, որոնք կը հրկիզէին վանքը ու բոլոր սրբազան իրերը, բանտարկելով կրօնաւորները որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ ընտանիքի հայր մը Գանտիտօ Գասթան Սան Խոսէ որ կաթողիկէ բանուորներու ազգային դաշնակցութեան նախագահն էր։
25 Յուլիսին բանտարկեալ քահանաները ազատ կ՝արձակուին, բայց Հոկտեմբերին դարձեալ կը ձերբակալուին տարուելով Մատրիտի ՄՕՏԵԼՕ կոչուած բանտը,ուր կ՝ենթարկուին տմարդի տանջանքներու ։
Կարգ մը Միսիոնարներ կը գնդակահարուին 7 Նոյեմբերին, իսկ մնացեալ 13 միսիոնարներու մահավճիռը կը գործադրուի 28 Նոյեմբերին։ Փոզուէլօ-ի Մարեմեան Միաբանութեան Միսոնարները կը նկատուին Քրիստոնեայ Մարտիրոսներ անոր համար որ անոնք սպաննուեցան իրենց Քրիսոտնեայ Հաւատքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.