2011-12-16 13:26:30

Սուրբ Պետրոս Հրապարակի Տօնածառի Լուսավառութիւնը ։


Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած Ծննդեան Ծառը` Նուէրը Ուկրանիոյ Հանրապետութեան, ուրբաթ յետ միջօրէի ժամը 16.30ին հանդիսաւոր միջ-կրօնական արարողութեամբ մը կը լուսաւորուի։ Վատիկանի Կառավարիչ Ճուզեփփէ Պերթելլօ Արքեպիսկոպոսի հետ միասին արարողութեան ներկայ կը գտնուին Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ` Կիեւի Աւագ Արքեպիսկոպոս Սվիադզլաւ Շէվջուքը՝ Լվովի Լատիններու Արքեպիսկիոպոսը եւ Ոկրանիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի նախագահը եւ այլ կաթողիկէ եկեղեցականներ։
Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը կազմուած է Մոսկուայի Պատրիարքութեան Ուկրանիոյ ներկայացուցիչէն ։Մինչ Կիեւի կառավարութեան կողմէ ներկայ է Սուրբ Աթոռի Մօտ Ուկրանիոյ Դեսպանը։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Տօնածառի զետեղումի սովորութիւնը սկիզբ առած է ՅՊԲ.ի օրով 1982ին, եւ առաջին անգամ ըլլալով հրապարակի Եղեւին նուէրն է ՝ Ուկրանիոյ Կառավարութեան , եւ թէ լուսավառումի արարողութեան կը մասնակցին՝ Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։
Տօնածառի Եղեւին 60 տարեկան է,եւ ունի 30 մեթր բարձրութիւն ։ Երկու հազար քիլոմեթր ճամբայ կտրելէ ետք է որ Եղեւին ժամանած էր Վատիկան անցեալ 1 դեկտեմբերին, եւ որուն զարդարանքները յանձնուած էր Վատիանի Տեխնիգական անձնակազմին։ Սուրբ Պետրոսի Տօնածառին հետ միասին Ուկրանիոյ կառավարութիւնը նուիրած է նաեւ ուրիշ 43 փոքր ծառեր որոնք զետեղուեցան Քահանայապետական Պալատի զանազան սենեակներուն մէջ։
Առ ի շնորհակալութիւն Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ 26 դեկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11ին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ՝ Ուկրանական ծէսով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.