2011-12-16 13:27:19

Ռատիօ Վատիկանի 80րդ տարեդարձի առթիւ՝Ճանչնանք սոյն Ձայնասփիւռի Յայտագիրները։
Ռատիօ Վատիկանի Խրուաթ Յայտագրի Հաղորդումները։


Գիտակից ըլլալով որ Ռատիովատիկանը Սրբազան Քահանայապետի Ձայնասփիւռն է, Խրուաթ լեզուով մեր հաղորդումներու մէկ երրորդը կը նուիրենք Սրբազան Քահանայապետի Առաքելութեան ու անոր Պատգամին (կը գրէ վատիկանի ձայնասփիւռի խրուաթ յայտագրի պատասխանուն) ներկայացնելով յայտագիրի հաղորդումները։

Ընդհանրական եկեղեցւոյ այս իքնութեամբ,որ կը տարբերի իւրայատուկ եկեղեցիներու իքնութենէն, կը մեկնաբանենք Խրուաթիոյ մշակութային, հասարակական ու քաղաքական կեանքի հետ կապուած տեղեկութիւնները, որոնք ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր հաւատացեալներու մտածելակերպի եւ ապրելակերպի վրայ։

Կրօնական զարգացումին կը նուիրենք շաբաթական յայտագիր մը, մինչ Շաբաթ օրերը յատկացուցած ենք Ծիսական ժամանակացոյցի վերլուծումներուն։
Կը ջանանք նաեւ ձայն տալ մեր այն հայրենակիցներուն ու նա մանաւանդ կղերական դասին, որոնք կը մասնակցին Սրբազան Քահանայապետի Ունկնդրութիւններուն։
Մեր պատմութիւնը սկիզբ առած է 15 մարտ 1931ին Ռատիովատիկանի հիմնադրութենէն 33 օր ետք, երբ Պիոս ԺԱ Սրբազան Քահանայապետը ՝՝Rerum Novarum՝՝ շրջաբերական թուղթի 40 ամեակի առթիւ 13 լեզուներով պատգամ մը ուղղեց որոնց շարքին նաեւ Խրուաթերէնը ։

Խրուաթ լեզուով յայտագրի կանոնաւոր ձայնասփռումը սկիզբ առաւ 21 դեկտեմբեր 1947ին, Սուրբ Հերոնիմոս-ի անուան Խրութ Վարժարանի Ռէկտոր Գերապայծառ Մատերէքի ջանքերով։ Սկզբնական շրջանին յայտագիրները կը սփռուէին շաբաթը 2 անգամ, մինչ 1954 սկսեալ հաղորդումները եղան չորս, թէեւ իր ձայնասփռումներու սկիզբէն ի վեր` համայնաւար վարչակարգի ժամանակ, Խրուաթիոյ կառավարութիւնը միշտ արգելքներ ու խոջնդոտներ ստեղծած է դադրեձնելու նպատակով յայտագիրներու սփռումները։ 90-ական թուականներուն, յետ Խրուաթիոյ վերագտած անկախութեան, նորանոր յաղորդակցութեան միջոցներ ծնունդ առին երկրին մէջ ու այսօր մեր յայտագիրները կը վերասփռուին Խռուաթիոյ եւ Պոզնիա -Հերզէկովինայի Ռատիոկայաններէն­ ներակայացնելով այսպէս աւելի ամուր կապ մը՝ տեղական ու տիեզերական Եկեղեցիներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.