2011-12-16 13:09:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը Կը Մասնակցի Վատիկանի Մէջ Կատարուած Յիսնակաց Շրջանի Խորհրդածութիւններուն ։


Նորին Սրբութիւնը Կը Մասնակցի Վատիկանի Մէջ Կատարուած Յիսնակաց Շրջանի Խորհրդածութիւններուն ։
՝՝Գացէք Ողջ Աշխարհով Եւ Քարոզեցէք Աւետարանը Բոլոր Արարծներուն՝՝(Մարկ. 16,15)։

Ուրբաթ 2 դեկտեմբերին` ի պատրաստութեան Յիսուսի Ծննդեան Տօնին, սկիզբ առին Յիսնակաց Շրջանի Խորհրդածութիւնները։
Ուրբաթ 16 դեկտեմբերին` Վատիկանի Redemptoris Mater Մատուռին մէջ առաւօտեան Ժամը 9ին տեղի ունեցաւ Յիսնակաց շրջանի Խորդրդածութիւններու երրորդը որ կեդրոնացաւ 16րդ դարու <<նոր աաշխարհի>> Աւետարանացումին վրայ։Խորհրդածութիւնը կատարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը` Վեղարաւոր Կրօնաւորներու Միաբանութեան անդամ` Հայր Ռանիէրօ Գանդալամեսսա-ն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ ։
Այս տարուայ հանդիպումներու խորհրդածութեան ընդհանուր նիւթն է <<Գացէք ողջ աշխարհով եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարծներուն>>։ Նիւթ մը ընտրուած նաեւ ի պատրաստութիւն 2012-ի Նոր Աւետարանութեան մասին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին։

Խորհրդածութեան հանդիպման աւարտին,ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Խաղաղական Կղզեախումբի Եպիսկոպոսասաց Համահաւաք Դասի կարգ մը եպիսկոպոսներ,եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ ։

Ժամը 12ին Սրբազան Հայրը,Վատիկանի Գլեմենդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ուկրանեայէն ժամանած Պատուիրակութեան մը, որ Հռոմ կը գտնուի մասնակցնելու Ծննդեան Տօնածառի լուսաւորումի արարողութեան։ Նշենք որ այս տարուայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ բարձրացող Տօնածառը նուէրն է Ուկրանիոյ Կառավարութեան։

Յետ միջօրէին ժամը 18 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ընդունեց Կարտինալ Ուիլլիամ Ժոզէֆ Լէվատա` Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.