2011-12-16 13:43:50

Կարտինալ Ռավազի կը դատապարտէ օտարներու դէմ բռնութիւններու կիրարկումը Իտալիոյ մէջ։


Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Կարտինալ Ռավազի ի լուր երկու Սենեկալացիներու սպաննութեան , իտալացի ծայրայեղ աջակոմեանի մը կողմէ, ֆիրենձէ քաղաքին մէջ, խստիւ դատապարտեց օտարները թիրախ առնող բռնութիւններու շարքը Իտալիոյ մէջ։ Կարտինալ Ռավազի մէջբերաւ Աստուածաշունչի Ելքի Գիրքէն հետեւեալ անցքը. ''բնաւ մի' խոշտանգեր գաղթականը որ կը բնակի քեզի հետ եւ բնաւ մի' հարստահարեր զայն։ Բնակող օտարը տեղացիի հաւասար է''։

Կարտինալը կը կարեւորէ մշակութային եւ ընկերային փոխանակումը, ընդգծելով որ թէեւ իրականութիւնը բարդ է սակայն ամենէն արժանաւոր ու պտղաբերն է ՝ քրիստոնէական ու մշակութային տեսանկիւնէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.