2011-12-15 13:31:54

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Վատիկանի ՝՝Մարիամ Մայր Ընտանիքի՝՝ անուան Եկեղեցիին մէջ, Վատիկանի Պետութեան Կառավարիչ Արքեպիսկոպոս Ճուզեբբէ Պերթելլոյի նախագահութեամբ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագ՝ Հրշէջներու պաշտպան Սուրբեր՝ Սրբուհի Պարպարայի եւ Մեծն Սուրբ Լեւոնի` տօնին առթիւ։ Արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի հրշէջներու Մարմնի հիմարկութեան 70րդ տարեդարձի առթիւ։ Վատիկանի հրշէջներու Մարմինը հիմնուած է 1941ին Պիոս ԺԲ.Քահանայապետի օրով։

Միջ-կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը Սպանական Եկեղեցական գիտութեան կեդրոնի մէջ կը դասախօսէ <<Ասսիզի 1986 - 2011>> նիւթին մասին։ Իսկ Քրիտոնեաներու Միութեան Քահանայապետկան Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխը ՝՝Pro Unione՝՝ կեդրոնի մէջ դասախօսութիւն մը կու տայ <<Քրիտոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդը։ Էքումենիզմի զարգացումները եւ մարտահրաւէրները>> նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.